image

Ազգի՞ն, թէ խղճին ձայնը. Միսաք Գոչունեան

Ազգի՞ն, թէ խղճին ձայնը. Միսաք Գոչունեան

1910-ին ստորագրուած   խմբագրականով  մը  Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գոչունեան  կարեւոր շեշտադրումներ կը կատար կղերական գործիչներուն ունենալիք արժանիքներուն եւ շատ  յաճախ անոնց  պաշտօնի մը ետեւէն վազելու  մասին:  Ստորեւ ամբողջութեամբ  կը ներկայացնենք «Ազգի՞ն, թէ խղճին ձայնը» խորագրեալ յօդուածը նկատի առնելով նաեւ Գոչունեանի գիրի այժմէականութիւնը եւ հոն տեղ գտած ցարդ ալ տիրական հանդիսացող  մտահոգութիւնները:

 

Սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր նոր երեւոյթի մը հանդիսատես կ’ըլլանք ազգային շրջանակներու մէջ:

Այն բոլոր եկեղեցականներն ու աշխարհակալնները, որոնք ժողովրդականութիւն շահիլ կ’ուզեն կա՛մ իւղոտ պատառներ ձեռք ձգելու եւ կամ իրենց դիրքը չխախտելու համար, նեղը մնալուն պէս ազգային ձայնին հպատակելու պարտականութիւն ունենալնին մէջ կը բերեն, որպէսզի մի գուցէ քննադատութեան ենթակայ ըլլան իրենց վերոյիշեալ արարքներուն տեսակէտով:

Կը հասկցուի ուրեմն դիւրաւ, թէ այս երանելի մարդիկը ազգին ձայնը գործիք կ’ընեն իրենց` քաջ գիտնալով որ ամէնէն բանուկ ու դիմացկուն ապրանքն է ան հիմա, որ կրնայ պարտկել իր մէջ իրենց բոլոր երեւելի եւ անեւեւոյթ նպատակները, ընտիր ջնարակով մը ծեփելով զանոնք:

 Ամենայն հայոց արդի հայրապետը եղաւ գլխաւորաբար այս վարդապետութիւնը պանծացող մեր մէջ, եւ առիթ տուող որ իրմէ ետք եկողներն ալ որդեգրեն զայն`պատրաստ գետին մը գտնելով իրենց առջեւ:

Այսպէս, «Ազգին ձայնը ո՛ւր որ կանչէ զիս, հոն կ’երթամ» ի ողորմելի խօսքը, որ իր մէջ կը պարունակէ խօսողին ինքնութենէ զուրկ նկարագիրն ու հոգին, զերծ բարոյական անկախ արժանիքէ եւ ինքնագիտակցութենէ, սահմանադրութեան հռչակումէն եւ ի վեր եղաւ ոսկեղինիկ բացատրութիւն մը եւ ընթացիկ ապրանք մը մեր ազգային շրջանակներուն մէջ, մեծապէս բարձրացող խօսողին արժանիքը յաչս ազգին, մինչդեռ եթէ քիչ մը խորը մտածենք պիտի տեսնենք բացայայտ կերպով, թէ այդպէս խօսողները առանց այլեւայլի կը շահագործեն ազգին անունը, որ այսպէս, անգիտակցաբար, իբր թանկագին գործիք մը կը ծառայէ այդպիսիներուն:

-Իրա՛ւ, ես անարժան եմ այն պաշտօնին, որուն կը կոչէ զիս ազգը, բայց սիրով կ’ընդունիմ, որովհետեւ իմ պարտականութիւնս է հպատակիլ ազգին ձայնին:

Կը տեսնէ՞ք մեր ժամանակներուն այս երեւելի ազգասէրը:  Գիտէք, կը զգայ, թէ ինք անարժան մըն է, բայց սիրով կ’ընդունի, որովհետեւ պէտք է եղեր հպատակիլ ազգին ձայնին:  Ըսել է, եթէ ազգը «գնա՛, ծովը ինկի՛ր», ըսէ իրեն, որպէսզի ապացոյցը տայ իր ազգասիրութեան, մեր երեւելի ազգասէրը պիտի երթայ ծովը նետուելու.  չէ՞ … Իր գործին չեկող պաշտօն մը, օրինակի համար Սղերդի առաջնորդութիւնը առաջարկէ՛ իրենց սակայն, տե՛ս այն ատեն ազգին ձայնին ականջ կը կախէ՞, տեղէն կը շարժի՞ միթէ:  Բայց 50 ոսկի ամսականով քննիչ ղրկէ որեւէ տեղ եւ կամ փայլուն դիրքի մը բարձրացուր, ո՜հ, այն ատեն ազգին ձայնին ի՛նչպէս չհպատակի… Փորձը դժուար չէ. Ազգին ձայնին համակերպողներուն անհրապոյր առաջարկ մը ըրէք եւ դուրս կ’ելնեն:

 Բայց ո՞վ ըսաւ իրեն, թէ ազգայինի մը համար նուիրական պարտականութիւն է հպատակիլ ազգին ձայնին, պահ մը ընդունելով նոյնիսկ, որ ազգին այդ ձայնը շատ բանաւոր եւ օրինաւոր լարերու վրայ է դարբնուած: Ո՞վ ըսաւ իրեն, թէ բարոյական արժանիք մը կը յատկանշէ հլու, կամակատար  գործիք հանդիսանալ ազգին, երբ զուրկ է ինքնին, հաւատարմաբար եւ արժանաւորաբար անոր ծառայելու տեսակէտով անհրաժեշտ յատկութիւններէն:  Ինք որի՞ կը կլլեցնէ այդ վարդապետութիւնը, որ շատ խախուտ հիմներու վրայ կը հանգչի եւ գրիչի մը ծայրը բաւական կ’ըլլայ այսօր զայն հիմնայատակ տապալելու:

Ազգին ձայնէն աւելի նուիրական չէ՞ արդեօք խղճին ձայնը, անհամեմատ աւելի արժէքաւոր առաջինէն` տրուած ըլլալով իր բացարձակապէս մաքուր եւ անխարդախ հանգամանքը, զերծ բոլորովին ամէն նկատումէ եւ շահագործումի առիթ հանդիսանալու հանգամանքէ:

Չէ՞ մի որ ազգին ձայնը շատ անգամ կը սխալի, մանաւանդ որ ինքնին հակամէտ է արդէն սխալելու, անոր համար որ ուրիշի մը անձին դատաստանին վրայ հիմնուած է, մինչ խղճին ձայնը անսխալ է բոլորովին, անոր համար որ մարդ միա՛կ ինքը կրնայ իր անձին դատաստանը ընել ամէնէն աւելի հաւատարմութեամբ եւ ամէնէն աւելի հարազատութեամբ:

Ի՛նչ խաբէութիւն է որ ատենէ մը ի վեր կը դարբնուի մեր մէջ, եւ մենք տխմար հանդիսատեսները կ’ըլլանք անոր, շատ անգամ ծափահարելով ալ անոր հեղինակները:

Եկեղեցական մը կամ աշխարհական մը այսօր պաշտօնի մը կը կոչուի մեր ազգային շրջանակին մէջ:  Կրնայ ըլլալ որ ընտրութիւնը բարեդէպ եղած ըլլայ եւ ազգին ձայնը արձակուած արժանաւորին վրայ.  Այս այսպէս ըլլալով, արժանաւորը- որովհետեւ արժանաւորներն ալ շատ անգամ անարժաններուն պէս այդ վարդապետութեան կը հետեւին- ի՞նչ բանէ թելադրուած պարտաւոր կը զգայ ինքզինքը անհրաժեշտաբար այդ բացատրութիւնը գործածելու, ի դէպս եւ յանդէպս:  Որպէսզի ազգին աչքը մտնէ, չէ՞, որպէսզի ժողովրդականութիւն շահի, չէ՞:

Ժողովրդականութիւն շահելու ո՛րքան սխալ եղանակ սակայն, չըսելու համար` ծիծաղելի:  Եթէ այսքանը բաւ ըլլար միայն ժողովրդականութիւն, համբաւ շահելու, այսօր ո՜րքան ժողովրդական դէմքեր պիտի համրուէին մեր մէջ, մինչդեռ գիտենք թէ որքան ցանցառ է անոնց թիւը:

Ըսել է թէ, արդարեւ շատ ողորմելի միջոց մըն է ասիկա ժողովրդականութիւն շահելու եւ պարզապէս ծիծաղելի կը հանդիսանան անոնք, որ այդ միջոցը զէնք կ’ընեն իրենց:

Անկեղծ ցաւով մը կը տեսնենք, որ թրքահայոց արդի պատուական պատրիարքն ալ ազգին ձայնը պատուար կը դնէ իր առջեւ ամէն անգամ որ խնդիրը կը կայանայ… պատասխանատուութենէ խուսափելու մէջ:

Դուրեան սրբազան ազգին ձայնին անսալով պատրիարքութիւնը ընդունեց:  Ոչինչ ունինք ըսելիք:  Գիտենք, թէ ա՛յն ատեն երբ «Ազգին ձայնդ զիս պատրիարքութեան կը կոչէ, պէտք է հպատակիմ անոր» ըսաւ, աւելի կենցաղագիտութիւն մը ընել ուզեց ազգին ներկայացուցիչներուն առջեւ:  Բայց պիտի ներէ անշուշտ նորին սրբազնութիւնը, երբ հրապարակաւ դիտել տանք իրեն, թէ նոյն այդ բացատրութիւնը բնա՛ւ երբեք պատուաբեր ու նպաստաւոր չեղաւ իրեն, երբ գործածեց իր համբաւաւոր հրաժարականէն ետք, իր վերադարձի պարագային, ուր նկատի առնելով խնդրոյ բոլոր իրադարձութիւնները, շատ աւելի թանկագին ծառայութիւն մը մատուցած պիտի ըլլար հետեւելով իր խղճին ձայնին, քան ազգին: 

 Համոզուած ենք մինչեւ այսօր, թէ Դուրեան սրբազանի խիղճը երբե՛ք չէր թոյլատրեր իրեն իր աթոռը վերադառնալը տրուած պայմաններով, բայց մեղք որ իր խղճին ձայնը տեղի տուաւ վերջ ի վերջոյ ազգին ձայնին` չկրնալով մնալ այն զմայլելի բարձրութեան վրայ, որուն վրայ կը հիանային մարդկութեան բոլոր ակնարկները: 

Մենք մոռցեր էինք սակայն ասոնք եւ չէինք ուզեր պրպտել, երբ անցեալ օր դարձեալ թերթերուն մէջ մեր աչքին առջեւ ներկայացաւ պատրիարք սրբազանին առ իր փոխանորդն ուղղեալ «Ազգին ձայնին պէ՛տք է հպատակիս» խօսքը, - անոր Ռոտոսթոյի առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ- որ շատ գէշ հնչեց մեր ականջներուն:

Եւ մտածեցինք, թէ Դուրեան սրբազան ի՛նչ թանկագին դաս մը տուած պիտի ըլլար իր փոխանորդին, որ իր ազգականն ալ է, երբ այդ խօսքին տեղ սա՛ խօսքը ըսէր անոր.

-Ազգին ձայնը կը կանչէ քեզի Ռոտոսթոյի առաջնորդութեան, բայց նայէ՛, քննէ՛ որ խղճիդ ձայնն ալ կը կանչէ՞ քեզի հոն:  Այսինքն թէ` մէջդ կարողութիւն կը զգա՞ս այդ պաշտօնը յաջողութեամբ կատարելու, թէ ոչ, որովհետեւ, հակառակ պարագային, շահագործած պիտի ըլլաս ազգին ձայնը եւ գիտցիր, որ ատիկա մեծագոյն մեղքն է, զոր կրնայ անհատ մը գործել իր ազգին:

 2-15 Մարտ 1910