image
Հրատապ լուրեր:

Ուժգին պայթում մը ցնցած է Հալէպը.Մարդկային կորուստներու մասին տուեալներ չկան

Ուժգին  պայթում մը ցնցած է Հալէպը.Մարդկային   կորուստներու  մասին տուեալներ չկան

Ուժգին  պայթում մը ցնցած է Հալէպը:   Այս մասին լուրը փոխանցեց «Սբութնիք»  լրատուական    գործակալութիւնը:  Աղբիւրին համաձայն  պայթումը  եղած է   Հալէպի Սահտ Ալլա  Ալ  Ժապէրի      հրապարակին վրայ  գտնուող «Պաաս» կուսակցութեան  գլխաւոր կեդրոնատեղինն մէջ:    Ըստ  նախնական տուեալներու    պատահարը    արդիւնք  է  կուսակցութեան  կեդրոնատեղիին  մէջ գտնուած      արկերու   պայթումին, որ եղած է  ջերմաստիճանի  բարձրացման հետեւանքով:

 

 «Արեւելք»ի  Հալէպի աղբիւրին համաձայն   պայթումին որոտը  նոյնպէս  լսուած է հայկական  թաղամասերուն մէջ, որոնք կը գտնուին դէպքին վայրէն  2  քիլոմեթր   հեռաւորութեան վրայ:

 

Մարդկային  կորոստներու մասին   տուեալներ չեն հրապարակուած: