image

Սեւան Նշանեան ազատութեան մէջ

Սեւան  Նշանեան  ազատութեան  մէջ

Թրքական տարբեր աղբիւրներու փոխանցմամբ,    պոլսահայ  մտաւորական  Սեւան Նշանեան  խոյս  տուած է  բանտէն:  Նշանեան, որ   դատապարտուած էր բանտարկութեան, այս  առաւօտ դուրս   եկած  է   Ֆոչայի    բանտէն  (Նշանեան  ենթակայ էր  բաց  բանտային  ռէժիմի դրութեան) եւ  մինչեւ   այս   ժամը չէ վերադարձած:   Ուշագրաւ է, որ  Նշանեան   թվիթըրեան  իր էջին  վրայ գրառում մը կատարած է եւ ըսած «Թռչունը թռաւ...»:

Նշենք, որ    Թուրքիոյ մէջ մտաւորական  լայն գործունէութիւն ծաւալած  եւ տասնեակ   հատորներու հեղինակ  Նշանեան        իր  կերտած «Շիրինճէ»ի   ամարանոցի      «գործ»ով       դատապարտուած էր  17 տարուան  բանտարկութեան: