image
Հրատապ լուրեր:

Պարսելոնայի ահաբեկչութեան զոհերու թիւը 18-ն է. Անոնք կու գան տարբեր երկիրներէ

Պարսելոնայի ահաբեկչութեան  զոհերու թիւը  18-ն  է. Անոնք կու գան  տարբեր երկիրներէ

 Երէկ Պարսելոնան հարուածած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 18-ի: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Սպանիոյ ԱԻՆ-ի մէկ բանբերը յայտարարելով նաեւ, որ ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածները կու գան տասնեակ տարբեր երկիրներէ:

 Այսպէս զոհերուն մէջ են Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Արժանթինի, Վենեզուելայի, Պելճիքայի, Հունգարիոյ, Աւստրալիոյ, Փերույի, Յունաստանի, Քուէյթի, Մակեդոնիոյ, Իտալիոյ, Չինաստանի եւ վերջապէս Ալժիրի քաղաքացիներ: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ զոհերուն թիւը վերջնական չէ եւ կրնայ աճ գրանցել տրուած ըլլալով, որ վիրաւորներուն մէջ կան ծանր պարագաներ:

 

 Նշենք, որ Տահէշ ահաբեկչկան խմբաւորումը երէկ գիշեր ստանձնեց Սպանիան ցնցած ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը: