image

Ոչ եւս է Ցեղասպանութեան ժառանգներու դատին անխոնջ նուիրեալ փաստաբանը՝ Վարդգէս Եղիայեանը

Ոչ  եւս  է Ցեղասպանութեան   ժառանգներու  դատին անխոնջ   նուիրեալ  փաստաբանը՝ Վարդգէս Եղիայեանը

Լոս Անճելըսի   մէջ  իր  մահկանցուն  կնքած է ամերիկայ  յայտնի փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան:  «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներու իր աղբիւրէն: 

Յիշեցնենք, որ   հայազգի   փաստաբանը վերջին  ամիսներուն  կը  տառապէր սրտային անհանգստութիւնէ, որուն հետեւանքով փոխադրուած էր հիւանդանոց եւ կ'անցընէր կազդուրման շրջան մը: Այս առաւօտ անհանգստութեան մը հետեւանքով  ան   աւանդած է իր  հոգին:

Վարդգէս Եղիայեանի անունը  կը  փոխկապակցուի  Հայոց Ցեղասպանութեան  զոհերու ժառանգներու իրաւունքները եւ անոնց իրաւական պահանջները ապահովելու  կենսական գործին հետ:

Հանգուցեալը եղաւ առաջիններէն, որ դատական հայցեր ներկայացուց միջազգային վարկ ունեցող «Նյու Յորք Լայք», «Աքսա» եւ այլ ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ եւ յաջողեցաւ  իր փաստաբանական գրասենեակին շնորհիւ նիւթական հատուցումներ ապահովել բոլոր անոնց,  որոնց նախնիները Օսմանեան կայսրութեան օրերուն եղած էին այդ  ապահովագրական ընկերութեանց յաճախորդներ:

Եղիայեան նաեւ գրականութեան մարդ էր: Ան հեղինակած է շարք մը հատորներ եւ մինչեւ իր  անհանգստանալը  կ'աշխատէր  շարք մը (անգլերէն լեզուով) վէպերու վրայ:

«Արեւելք» այս առթիւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ  բարեկամներուն:

 

Եղիայեան թողած է գրական  եւ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու  իրաւունքներուն վերաբերեալ  գրաւոր մեծ ժառանգութիւն ու  ապահով ենք, որ ապագային ալ պիտի  անդրադառնանք անոր թողած  ժառանգութեան:  

 

 

Լուսանկարը՝ Մեդիամաքսի