image

«Պոլսահայութիւնը սկսած է իր գիտակցութիւնը կորսնցնել».Վէրճիհան Զիֆլիօղլու

«Պոլսահայութիւնը սկսած է  իր գիտակցութիւնը կորսնցնել».Վէրճիհան Զիֆլիօղլու

Ինչպէս մեր ընթերցողներուն  յայտնի է,  օրեր առաջ Պոլսոյ մէջ ընթացք   առաւ  ստորագրահաւաք մը, որուն  նպատակն էր    իր նախկին վիճակին  վերադարձնել  Պաղլարպաշիի   գերեզմանատան մէջ գտնուող    արեւմտահայ արժէքաւոր  բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանին  շիրիմը:   Այս  եւ  Պոլսոյ  տարբեր խնդիրներուն  մասին տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Արեւելք»   դիմեց  պոլսահայ  գրող եւ հետազօտող  Վէրճիհան Զիֆլիօղլուին, որն իր կարգին  իր տեսակէտը յայտնեց, թէ՛  Դուրեանի  շիրիմի խնդրին, թէ՛ ալ  պոլսահայութիւնը յուզող ընդհանուր հարցերուն մասին:

 

Վէրճիհան Զիֆլիօղլու «Արեւելք»ին ըսաւ, թէ «պոլսահայութիւնը սկսած է  իր գիտակցութիւնը կորսնցել»: Ան   ակնարկեց,  որ  Պոլսոյ մէջ այսօր կ'ապրին   շուրջ 60.000  հայեր,  սակայն   անոնցմէ  քսան-երեսուն  հոգին է  միայն,  որ  լաւապէս  կը ճանչնայ իր անցեալն ու գիտէ, թէ   որոնք են  յիշատակութեան արժանի     պոլսահայ գրողները: 

«Քիչ են անոնք, որոնք կը  ճանչնան Միսաք Մեծարեցը, Պետրոս Դուրեանը, Յակոբ Պարոնեանը եւ այլ   արժէքաւոր  գրողներ  եւս, որոնց աճիւնները կը հանգչին Շիշլիի կամ Սկիւտարի գերեզմանատուներուն մէջ»,- ըսաւ ան  նկատել տալով, որ «Անցեալ տարի ալ Պալեաններուն շիրիմը նորոգեցին,   եւ թրքական մամուլը մեծ աղմուկ ստեղծեց այդ մասին»:

 

Ըստ Զիֆլիօղլուի, անոնք կը ջանան ցուցադրութեան վերածել նման նորոգումները եւ տեսած է նաեւ, որ  շիրիմներու վրայ տեղադրուած են թրքերէն գրութիւններ: «Եթէ Դուրեան ուզէր,  որ  իր ստեղծագործութիւնները թրքերէնով ըլլան, արդէն այդ տարիներուն ինքը թարգմանած պիտի ըլլար կամ այդ տարիներուն շիրիմին վրայ տեղադրուած պիտի ըլլար նման բան մը»,- ըսաւ Զիֆլիօղլուն: Ան յայտնեց, թէ այսպիսով անոնք անարգած կ'ըլլան իրենց անցեալը, ինչպէս որ այսօր՝ իրենք զիրենք:  «Արեւելք»ի խօսակիցը  նաեւ յայտնեց, թէ այս իրողութիւնները աներեւակայելի բաներ են, մարդիկ ձգած են ամէն ինչ եւ սկսած են շիրիմներով զբաղիլ, եւ ան չի կրնար   ենթադրել, թէ դէպի ուր կ'երթայ պոլսահայ համայնքը:

Երբ հարցուցինք Զիֆլիօղլուին, թէ իր կարծիքով այս կատարուածները ցուցադրութիւննե՞ր են ան ըսաւ:  «Այո', իմ կարծիքով այս բոլորը մաս կը կազմեն  ընդհանուր  ցուցադրութեան մը եւ  դժբախտաբար  «շոուն»   կը կատարուի մեծ գրողներուն եւ  խօսիլ չկրցող մարդոց միջոցով, այսինքն՝ մեռելներուն հետ կը զբաղին, եւ կ'ուզեմ ըսել որ հայկական դպրոցի տղաքն անգամ, ինչպէս նաեւ պոլսահայութեան մեծ խաւը, գիտակցութիւնը չունի եւ չի գիտեր, թէ Միսաք Մեծարենցը կամ Պեսրոս Դուրեանը եւ այլ շատ մը գրողներ Սկիւտարի մէջ շիրիմ ունին: Իսկ այժմ այդ շիրիմները ցուցադրութեան առարկայ դարձած են»: Իսկ մեր հարցումին, թէ ներկայիս   ընթացող ստորագրահաւաքը    որոշ արդիւնքի մը  կը հասնի՞,  ան պատասխանեց, թէ Պոլսոյ մէջ ստորագրահաւաք   ըլլայ կամ մեծ ցոյց,  որեւէ ազդեցութիւն մը պիտի չունենայ:

Զրոյցի ընթացքին հարցուցինք նաեւ, թէ ըստ իրեն պատրիաքարանը, տեղապահը կ'արձագանգէ այս նիւթին շուրջ, ան յայտնեց, թէ այլեւս որեւէ անոնիմ (անանուն, անհեղինակ) նիւթերու չի հաւատար, որովհետեւ ամէն նիւթ քաղաքականացուած է եւ որեւէ անանուն նիւթի, իբր պոլսահայ, ինք վստահութիւն չունի:

«Ինչպէս որ զրոյցի սկիզբը եւ նախորդ զրոյցներու ընթացքին ալ ըսած եմ արդէն, դժբախտաբար պոլսահայութիւնը բաժնուած է քանի մը գլուխներու, որոնցմէ տարբեր ձայներ կ'ելլեն, յոռետես կրնաք անուանել զիս, սակայն այլեւս չեմ կրնար ըսել , թէ այս ճանապարհով կրնանք լուծման եզրեր գտնել: Քանի մը հոգիներ կանք եւ կ'ուզենք մեր ձայնը բարձրացնել, սակայն իմ կարծիքովս շատ քիչ ենք, նոյնիսկ չենք կրնար մեր մտածումները յայտնել եւ ելքի ճամբայ մը գտնել»- եզրակացուց  պոլսահայ  լրագրողը: