image

Լիբանանի համալսարանին մէջ ուսանողներ կը նուաղին. Պատճա՞ռը

Լիբանանի համալսարանին մէջ ուսանողներ կը նուաղին. Պատճա՞ռը

Անցեալ հինգշաբթի օր Լիբանանի պետական համալսարանի Արուեստներու բաժնի ուսանողներուն համար ծանր օր եղած է, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, խումբ մը ուսանողներու մօտ ուշագնացութեան, ինչպէս նաեւ սրտխառնուքի  դէպքեր արձանագրուած են, որուն պատճառը թմրանիւթ պարունակող  տուրմերն են:

Դէպքի վայր մեկնած ոստիկանութեան աշխատակիցները պարզած են, որ խումբ մը ուսանողներու առողջական վիճակի կտրուկ վատթարացման պատճառ հանդիսացած են   տուրմի այն կտորները, որոնք վերջիններուս հիւրասիրուած են, որպէս նոր տեսակի արտադրութեան գովազդ:

Հիւանդանոց տեղափոխուած ուսանողներու քննութեան արդիւնքով պարզուած է, որ  տուրմերը  պարունակած են թմրանիւթ:

Ոստիկանութիւնը համալսարանի տեսախցիկներուն միջոցով կարողացած է պարզել թմրանիւթի վաճառականներու հետ առնչութիւն ունեցող անձի ինքնութիւնը: Ան վերջերս յաճախ նկատուած է համալսարանի շէնքին մէջ, հակառակ անոր, որ համալսարանի ուսանողներէն չէ:

Ոստիկանութիւնը շեշտած է, որ նման արարք առաջին անգամ չէ, որ   կը նկատուի  համալսարաններու կամ դպրոցներու մէջ: Թմրանիւթերու վաճառականները յաճախ կը դիմեն նման քայլի, փորձելով ուսանողներուն մօտ թմրանիւթի կախուածութիւն առաջացնել, այնուհետեւ իրենց «ապրանք»ը առաջարկել: