image

«Ինծի համար մեծ մխիթարութիւն պիտի ըլլայ Վրէժին աճիւնները Դամասկոսէն Հալէպ փոխադրելը». Վրէժ Քէշիշեանի մայր ՝ Ռիթա Քէշիշեան

«Ինծի համար  մեծ մխիթարութիւն  պիտի ըլլայ   Վրէժին   աճիւնները Դամասկոսէն  Հալէպ փոխադրելը». Վրէժ Քէշիշեանի  մայր ՝ Ռիթա  Քէշիշեան

Հալէպ  ծնած Վրէժ  Քէշիշեան  մէկն է անոնցմէ, որոնք Սուրիոյ    պատերազմի ամէնէն ծանր  մէկ փուլին (2013 ) զոհուեցան:   Ան   զոհուեցաւ Իտլիպի մէջ, որ այն  օրերուն   մահ ու կենաց  պայքար կը մղէր ահաբեկիչ  զինեալներուն դէմ:

«Արեւելք»,  նախանձախնդիր մնալով  իր  առաքելութեան,  սուրիահայութեան ապրած մեծ  տառապանքը    հանրութեան  ներկայացնելու  տեսակէտէն   յաջողեցաւ  հարցազրոյց մը կատարել  Վրէժի մօր՝  Ռիթա  Քէշիշեանին հետ:  Տիկին  Ռիթա,  որ   ներկայիս  կ'ապրի  Աւստրալիոյ մէջ, ունի մէկ փափաք, եւ հարցազրոյցը պատեհ   առիթ մը համարեց, որպէսզի բարձրաձայնուի  իր փափաքը, որ է՝ պայմաններու  բերումով ծննդավայրէն հեռու   թաղուած   կրտսերագոյն որդւոյն   աճիւնները  Դամասկոսէն  բերուին Հալէպ ու հանգչին իր    նախահայրերու աճիւնները  գրկած  Հալէպի  հողին մէջ:

Այդպիսով,  Տիկին  Ռիթան եւ Վրէժի  ընտանիքի  բոլոր պարագաները  մխիթարուած եւ սփոփուած  պիտի զգան իրենք զիրենք:


 


 

 

 

-Տիկին Քէշիշեան,  ո՞ւր  եւ   ինչ պայմաններու տակ նահատակուեցաւ ձեր զաւակը՝ Վրէժ Քէշիշեանը:

 

-Վրէժը Իտլիպ կը ծառայէր, 2013 թուականէն, Համտիէի բանակավայրը եւ այդ շրջանը արդէն շատ լարուած էր: Իտլէպ արդէն  անցած էր ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ: 


- Քանի՞ տարի եղած էր իր ծառայութեան:


-Երկու տարի եւ ինը ամիս եղած էր իր ծառայութեան, եւ ան արդէն իր օրինաւոր ծառայութեան շրջանը աւարտած էր, սակայն պատերազմական պայմաններու  բերումով պատկան մարմինները  յարմար նկատած էին   երկարաձգել   զինուորներու  ծառայութիւնը, որոնց մէջ նաեւ՝ իմ տղուս  ծառայութիւնը:  

Մենք վերջին անգամ  Վրէժը տեսնելու համար  գացինք Թարթուս:  Տեսանք զինք  ու ապա բաժնուեցանք, եւ ինք կրկին Իտլիպ վերադարձաւ: Հանդիպումէն տասը օր ետք, հեռատեսիլէն ստացանք պայթումին լուրը, իսկ յաջորդ օրը ստացանք անոր նահատակութեան լուրը: Դիակը մենք Հալէպ չկրցանք տանիլ,որովհետեւ   Հալէպ տանող ճանապարհները փակ էին: Պատկան մարմիններ     դիակը  տարած էին Հոմս,  հոնկէ ալ՝ Դամասկոս: Այդ օրերուն դէպի Հալէպ ճանապարհը փակ ըլլալուն  համար  Վրէժս թաղուեցաւ Դամասկոսի Առաջնորդարանի գերեզմանատան  մէջ:


-Դուք  ինչպէ՞ս  կարողացաք Աւստրալիա հասնիլ:

 

-Մեր Աւստրալիա հաստատուելուն մէկ տարի եւ երկու ամիս եղաւ, իսկ մինչ այդ չորս տարի Պէյրութ մնացինք, բայց երեք ամիս անգամ մը Դամասկոս կ'երթայի, Հալէպ կ'երթայի, բայց տղաքս, որոնք  տարիքով Վրէժէն մեծ էին, Լիբանան կը մնային: Ներկայիս ընտանիքով Աւստրալիա ենք:


- Կարողացա՞ք  Աւստրալիոյ նոր պայմաններուն ընտելանալ:

 

-Ո'չ, արդէն հոգեկանս քանդուած է, շատ դժուար է զաւակի կորուստը: Վրէժը ամենափոքրն էր, ամենամեծը՝ Սագօն, իսկ միջնեկ  որդիս  Կարէնն է:

 

 

- Ներկայիս ազգականներ ունի՞ք Հալէպի մէջ:


- Այո', հարազատներ ունիմ:  Քեռիս, հօրաքոյրս եւ աղջիկները, այսինքն բաւական ընտանիքներ կան: Մենք ներկայիս մտադրութիւն ունինք Հալէպ վերադառնալ, որովհետեւ կ'ուզեմ Վրէժին աճիւնները Հալէպ փոխադրել, յուսամ այդ գծով Առաջնորդարանը օգնութիւն կը ցուցաբերէ, որովհետեւ անոր նահատակութեան չորս տարի եղաւ եւ կրնան դժուարութիւններ յառաջանալ:    


-Դէպքը ինչպէ՞ս պատահած էր, կարծեմ դաւադրութիւն կազմակերպուած էր: 


- Այո', ահաբեկիչներ  յարձակում գործած էին եւ ռումբ տեղադրուած ինքնաշարժ մտցուցած ՝ բանակավայր:

Այդ միջոցին ինքը քնացած էր եւ ձայնէն արթնցած է: Ան ծոծրակէն  բեկոր մը ստացած էր:  Այդ մասին ալ  գիտցայ,  երբ տղուս   անշնչացած   դիակը  տեսայ: Անոր  մարմինը բնաւ չէր վնասուած: Դամասկոսի Առաջնորդ  Սրբազան  հայրը  սկիզբը    արգելք եղաւ  եւ չարտօնեց, որ դիակը տեսնենք: Սակայն ես  շատ պնդեցի:  Հետս զինուոր մը կար՝ Կարօ անունով, ինք  ինծի շատ օգնեց Դամասկոսի մէջ: Ի վերջոյ Սրբազանէն     շատ խնդրեցինք  եւ        մեզի   առիթ վիճակուեցաւ  վերջին անգամ տեսնել   իմ սիրելի Վրէժս: Աչքերուս   չէի հաւատար  եղածին ու   մինչեւ հիմա ալ  չեմ կրնար ընդունիլ այդ մէկը: Երազ մը կը թուի: Տակաւին կը կարծեմ որ ինք զինուոր է եւ յանկարծ կրնայ զանգել եւ խօսիլ հետս: Բնաւ չեմ կրնար համոզուիր կատարուածին:


-Իսկ ի՞նչ է ձեր կարծիքը Հալիպի վիճակին հետ կապուած: Պատերազմը եթէ դադրի, կրկին կը վերադառնա՞ք Հալէպ:


- Այո, շատ մեծ յոյս ունիմ, Աստուած տայ դադրի պատերազմը, եւ բոլորս վերադառնանք մեր տուները:


-Միւս զաւակներդ արդէն ընտելացած են իրենց նոր կեանքին:


-Մասամբ մը` այո:  Բայց  ինչ ալ  ընենք   բոլորս  վիրաւոր ենք:    Վստահ եմ, որ ամէն  բան կը կարգաւորուի, կեանքն  ալ    բնականոն կը դառնայ, Սուրիան   կը վերադառնայ իր  անցեալի  փայլուն օրերուն, բայց Վրէժս  ետ չի գար: Ինչ ալ պատահի, ինչ ալ փոխուի  մենք  վիրաւոր ենք,    մեզմէ իւրաքանչիւրը  իր   մէջ  վէրք մը, ցաւ մը ունի: