image
Հրատապ լուրեր:

Բացասական կողմն այն է, որ Հալէպը սարսափելի ձեւով հայաթափուած է. Արմէն Նապաթեան

Բացասական կողմն այն է, որ Հալէպը սարսափելի ձեւով հայաթափուած է. Արմէն Նապաթեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ դեղագործ ՝ Արմէն Նապաթեան

 

-Պարոն Նապաթեան, կրնա՞ք ձեր մասին որոշակի տեղեկութիւն փոխանցել:

 

-Անունս Արմէն Նապաթեան է: Ծնած եմ 1972-ին, Սուրիոյ Ռաս Ուլ Այն շրջանին մէջ: 1980-ին ընտանեօք տեղափոխուեցանք Հալէպ: Մասնագիտութեամբ դեղագործ եմ: Մինչեւ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբը՝ Հալէպի հայաշատ Սէյրաֆի շրջանին մէջ ունէի դեղարան: Կը վարէի    միութենական   կեանք եւ մեր   վիճակը տնտեսապէս  ալ  բարւոք էր:  

 

- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս դուրս եկաք Հալէպէն:


-Պատերազմէն ետք՝ 24 Յուլիս 2012-ի գիշերը,  ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք  մեծ օժանդակութիւններ կը ստանային դուրսէն, գրաւեցին Հալէպի արուարձանները, հետեւաբար Հալէպի մէջ տիրեց չափազանց վտանգաւոր դրութիւն եւ  Օգոստոս 2012-ին  ստիպուած լքեցի իմ շատ սիրելի Հալէպը եւ տեղափոխուեցայ Հայաստան:

 

-Ինչպէ՞ս հասաք Շուէտ. պատմէք ձեր ոդիսականը: Եւ ներկայիս ինչո՞վ կը զբաղի՞ք: 


-Վեց ամիս Հայաստան մնալէ ետք, որոշեցի անցնիլ Եւրոպա՝ Շուէտ, որ բաւական դժուար, բարդ եւ ծախսալի ընթացք մըն էր: Փետրուար  2013-ին, ցուրտ օր մը, յայտնուեցայ Սթոքհոլմի օդակայանը՝ իբր սուրիացի գաղթական: Մէկ տարի եւ մէկ ամիս տեւեց լեզու սորվիլս եւ պետականօրէն վաւերացուած վկայական ստանալս: Իսկ մասնագիտական քննութիւններս, որոնք թիւով հինգ էին, դարձեալ ինձմէ խլեցին մէկ տարի, որոնք  նոյնպէս  ես յաջողութեամբ աւարտեցի: Եւ այժմ Շուէտի մէջ դեղագործ եմ:

 

-Տարիներ ետք, երբ հիմա Հալէպ էք դարձեալ, ի՞նչ են ձեր զգացումները: Ի՞նչպիսի Հալէպ մը գտաք՝ իր դրական եւ բացասական կողմերով:

 

-Հինգ տարի եւ երկու ամիս ետք բախտը ունեցայ այցելելու Հալէպ: Այժմ կը գտնուիմ Հալէպ: Բացասական կողմն այն է, որ Հալէպը սարսափելի ձեւով հայաթափուած է: Տուներու ճրագները չեն վառիր եւ մատնուած են խաւարի եւ լքումի: Նկատեցի նաեւ որ քաղաքի երբեմնի առեւտրական հռչակաւոր կեդրոնները շեշտակիօրէն ենթարկուած են տեղափոխման: Անոնք ուրիշ թաղամասերուն մէջ սկսած են զարգանալ, որոնք բաւական հեռու են հայական թաղամասերէն՝ հակառակ անցեալի պատկերին, որ կրնայ իր անդրադարձը ունենալ հալէպահայերու տնտեսական  վիճակին վրայ, որ արդէն  բաւական  ծանր  հարուածներ ստացած է: Նկատեցի նաեւ ապրանքի որակազրկում՝ յատկապէս Հալէպի նշանաւոր անուշեղէնները շատ որակազրկուած են: Հին համն ու հոտը չունին: Իսկ գալով դրական կողմերուն. Նկատեցի,  որ ժողովուրդը՝ ըլլայ հայ կամ արաբ, բոլորը զարմանալի եւ քաջալերական յոյսերով զինուած են Սուրիոյ եւ Հալէպի ապագայի նկատմամբ: Դրական միւս կէտը այն էր, որ  հալէպցիի նկարագրին մաս  կազմող անկեղծութիւնը, ընկերասիրութիւնը, իրար օգնելու գեղեցիկ յատկութիւնը պատերազմը չէ կրցած ջնջել: Հալէպահայ   իրար  աւելի  մօտեցած ու մտերմացած  են, բան  մը, որ նոյնպէս կապ ունի   պատերազմի   գեհէնէն   անցնելուն հետ:

 

- Եթէ Սուրիան դառնայ կայուն եւ բարգաւաճ երկիր,  Հալէպ   կը վերադառնա՞ք:

 

-Դժուար հարց տուիք: Եթէ բոլոր հալէպահայերը, որոնք գաղթեցին Սուրիայէն՝ վրադառնան դարձեալ իրենց տուները եւ Հալէպը ստանայ անցեալի իր փայլուն դէմքը, այո՛: Սակայն  ես որոշած եմ ամէն տարի մէկ ամիս Հալէպ անցընել իմ հանգիստս: Հալէպը իմ մանկութեան եւ յիշողութեան շտեմարանն է, որու ամէն մէկ թաղին մէջ կային անգին ընկերներ եւ անջնջելի յիշողութիւններ: