image

Մելգոնեան վարժարանի հարցին մասին լռութիւն պահելը ունի մէկ նպատակ` մարել դպրոցը վերաբանալու բոլոր յոյսերը. Գէորգ Գալայճեան

Մելգոնեան վարժարանի հարցին մասին լռութիւն պահելը ունի մէկ նպատակ` մարել դպրոցը վերաբանալու բոլոր յոյսերը. Գէորգ Գալայճեան

2012-էն ի վեր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան խումբ մը շրջանաւարտներ, որոնք կը նախընտրեն կոչուիլ ՄԿՀ-ի 1970-ի  շրջանաւարտներ, հետամուտ եղած են կազմակերպելու բազում հաւաքներ, խմբային պտոյտներ եւ ուխտագնացութիւններ: Այդ միջոցառումներուն հիմնական նպատակը եղած է վառ պահել Կիպրոսի Մելգոնեան Վարժարանի հանդէպ առկայ հետաքրքրութիւնը: «Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններով, Մելգոնեանցիներու յառաջիկայ հաւաքը նախատեսուած է կազմակերպել Հայաստանի մէջ՝ յառաջիկայ տարուան  մայիսին: Մասնակիցները նոյնպէս պիտի այցելեն  Արցախ:

 

Այս առթիւ  «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան 1970-ի  շրջանաւարտներէն Գէորգ Գալայճեանի հետ, որ նաեւ անդամ  է   կազմակերպիչ  մարմնին:  

 

 Պրն. Գէորգ, ի՞նչ է այս հաւաքին նպատակը:


Մեր նախաձեռնութիւններուն հիմնական նպատակը միշտ եղած է արթուն պահել Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան հանդէպ առկայ ընդհանուր հետաքրքրութիւնն ու շրջանառութեան մէջ դնել տարբեր մակարդակի քննարկումներ,  որոնց հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ մեր սիրելի վարժարանի վերաբացման վերաբերեալ ուղիներու որոնումը: Կան հայորդիներ, որոնք գաղափար անգամ չունին Մելգոնեան հաստատութեան մասին: Եւ մենք կ'ուզենք այդ դպրոցը վերաբանալ ու վերակենդանացնել եւ միջազգային չափանիշով վարժարան մը վերականգնել, ինչպիսին է օրնակ՝ Դիլիջանի դպրոցը:


-Յառաջիկայ տարի նախատեսուած հաւաքը շրջապտոյտի՞ ձեւով է:


Այո, շրջապտոյտի ձեւով է եւ քանի մը հաւաքներ պիտի իրականացուին տարբեր՝ վայրերու, օրինակ համալսարանի մէջ ուր պիտի հրաւիրուին արեւմտահայերէնի մասնագէտներ: Ամենակարեւորը միջոցներ որոնելն է, որպէսզի Մելգոնեան եղբայրներու նման բարերարներ գտնենք, որ նիւթական օժանդակութիւն կարողանան ցուցաբերել եւ կարելի ըլլայ դպրոցի  վերաբացումը ապահովել:


- Մեծ թիւով մասնակիցներ կ'ունենա՞ք ըստ Ձեզի:

 

-Կրնայ ըլլալ մեծ թիւով մասնակիցներ չունենանք, բայց կարեւորը համախմբուիլն է:


- Որոշ սերունդ մը նկատի առա՞ծ էք:


Ոչ, բոլոր Մելգոնեանի շրջանաւարտները կրնան մասնակցիլ մեր հաւաքին:


-Անցեալին ալ իրականացուցիք նման ծրագիր մը, սակայն նկատելի է, որ այս   հաւաքով  աւելի լուրջ ծրագիր մը կը հետապնդէք:


-Այո՛, նախ Հայաստանը ճանչցնելու մտապատկերը ունինք: Եւ ինչպէս ըսի, եթէ նիւթական մեծ օժանդակութիւն չկրցանք ձեռք բերել, մեր փափաքն է գոնէ փոքր ձեռնարկումներով իրականացնել այս ծրագիրը Հայաստանի մէջ:


- Իսկ որոշ առնչութիւն մը կը տեսնէ՞ք Մելգոնեանի եւ Հայաստանի միջեւ. Ի՞նչ է կապը:


Կապը այն է , որ Մելգոնեանն ալ փոքր Հայաստան մըն էր, այն իմաստով՝ քառասուն-յիսուն երկիրներէ հայեր համախմբուած էին, ինչպիսին է ներկայիս Հայաստանը:


-Ձեր կարծիքով Հայաստանի մէջ Մելգոնեանի նման դպրոց մը բանալու երազը տակաւին  առկա՞յ է:

 

-Այո, այդ մէկը Բարեգործականի խոստումն էր, թերեւս չկրնայ կատարել խոստումը: Սակայն կ'արժէ որոնել այլ միջոցներ՝ իրականացնելու համար այս ծրագիրը:

 

- Բարեգործականի հետ կապ հաստատած էք այս գծով:

 

-Ոչ:

 

- Իսկ ի՞նչ է պատճառը:

 

-Բազմաթիւ անգամներ նամակներ յղած ենք այս ծրագրով, սակայն ոչ մէկ արձագանգ ստացած ենք:

 

-Իսկ ինչո՞ւ այդպիսի դիրք որդեգրած են. Յաճախ կը նկատենք, որ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը    կը  խուսափի  այս թեմային  մասին   խօսելէ:  Ի՞նչ է պատճառը ըստ ձեզի:


-Ամերիկայի մէջ ալ կան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք նոյն կեցուածքը կը ցուցաբերեն՝ իրենց ուղղուած քննադատութիւններուն:

Կ'ենթադրենք, թէ անոնք պատասխան չեն տար եւ կը մտածեն, որ այս ձեւով մեր մէջ կը մարեն այդ ծրագիրը իրականցնելու յոյսը:

  

-Իսկ Ամերիկայի հայ դպրոցները վտանգուա՞ծ են:

 

-Նայած այդ դպրոցները որ շրջաններու մէջ կը գտնուին: Օրինակ, Նիւ Եորքի մէջ կան երկու դպրոցներ՝ Օրմանեան վարժարանը եւ Սրբոց Նակատակաց Վարժարանը, որոնք շատ լաւ վիճակի մէջ են: Այլ դպրոց մըն ալ  կար, որ փակուեցաւ՝ Գ. Լուսաւորիչ անուան դպրոցը, այդ ալ ներքին անկազմակերպ վիճակին հետեւանքով:

 

-Դուք այս գծով Հայաստանի մէջ գործող պատասխանատուներու հետ ալ հանդիպումներ իրականացուցած էք անցեալին: Այս շրջագայութեան ընթացքին կրկին նախատեսած էք հանդիպումներ ունենալ քննարկելու համար Մելգոնեանի վերաբացման հարցը:


-Այո, պիտի փորձենք, սակայն տակաւին չէ յստակացուած: