Շատ արագ եւ անսպասելի զարգացումներ կը կատարուին շրջանին մէջ: Մինչ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ներկայացնէր իր «անսպասելի» հրաժարականը, անդին Սէուտական Արաբիա ծանրագոյն մեղադրանքներ կը հնչեցնէր երկրի կառավարութեան դէմ զայն համարելով «պատերազմի կառավարութիւն»:
Հարիրիի «պայթեցուցած» քաղաքական ռումբին ազդեցութիւնները տակաւին կը շարունակուին ու Պէյրութի բարձրագոյն շրջանակներ ( նախագահական պալատ, նախագահ եւ խորհրդարանի նախագահ) «ափ ի բերան» մնացած են պատահածէն:
Երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն, որ յայտնի է դէպքերուն արագ արձագանք տալու իր բնազդով ցարդ չէ կարողացած «հասկնալ» եղածները եւ մինչեւ այս պահը կը մերժէ ընդունիլ Հարիրիի հրաժարականը:
Երէկ Պաապտայի նախագահական պալատը «մեղուաբոյն»ի վերածուած էր ու մէկէ աւելի բանբերներ կը յայտարարէին, որ նախագահը կը սպասէ Հարիրիի վերադարձը վերջնական կողմնորոշում ունենալու եւ «վճիռ» մը հրապարակելու համար:
Եղածը «մեծ խաղ» է եւ դէպքերուն ընթացքը սկիզբ կ'առնէ Լիբանանէն եւ կը տարածուի ամբողջ շրջանին մէջ:
Ռիատ որոշած է հակահարուած տալ Թեհրանին եւ այդ հակահարուածի գետինը կրնայ Պէյրութը ըլլալ: Այս բոլորին առընթեր բացի անկէ, որ մեծագոյն տուժողը Լիբանանը կրնայ ըլլայ, յստակ սկսած է դառնալ, որ հարցման նշաններ կան երկրի ապահովութեան, ելեւմտական կայունութեան եւ յատկապէս երեսփոխանական ընտրութեանց ճակատագրին վերաբերեալ:
Յստակ է նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ «նոր» ղեկավարութիւնը գլխաւորութեամբ գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլմանի այս արարքներով «մէկ քարով» մի քանի «թռչուն» կը զառնեն:
Խօսքը անշուշտ թագաւորութեան սահմաններէն ներս եղած զարգացումներուն մասին է, որոնց արձագանքները պիտի տարածուին ամբողջ շրջանին մէջ:
Ռիատ եւ Թեհրան պարանաձգութեան հերթական «զոհ»ը Լիբանանը կրնայ ըլլալ, մանաւանդ, որ երկիրը բաւարար ներուժ չունի դէմ դնելու իր ուղղութեամբ բարձրացող ալիքներուն:
Յուսատու է այն, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունը յայտնի է իր ամուր կեցուածքներով, որոնք սակայն կրնայ պահել երկրի ապահովական անդորրը ... իսկ ելեւմտական իրավիճակին մասին այլ խօսք:
Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերուն յստակ կը դառնայ, թէ ին՞չ են Լիբանանին դէմ բարձրացող ալիքներուն ուժգնութիւնը եւ ինչքանով վտանգուած է իր տարածութեամբ փոքրիկ, սակայն իր ռազմավարական արժէքով մեծ այդ հիւրընկալ երկիրը:
«Ա»