image

«Ոսկէ» մատներով հայ կինը կամ Հելէն Ազարեան

«Ոսկէ» մատներով հայ կինը կամ Հելէն Ազարեան

Հայաստան հաստատուած սուրիահայ կանայք պէտք չէ իրենց հայեացքը ուղղեն այլ երկիրներ: Անոնք կրնան աջակցութիւն արժանանալ եւ յաջողութեան հասնիլ հայրենիքի մէջ: Այս յորդորը անոնց յղած է Հայաստանի ազգային փոլիթէքնիք համալսարանէն մինչեւ Քուէյթեան բուժարաններ հասած եւ սեփական բժշկական կեդրոն հիմնած քուէյթահայ գործարար Հելէն Ազարեան, որ  խօսած է «Արմէնբրէս»ին:

Փոլիթեքնիք համալսարանի ապագայ բժիշկը

Սորված եմ Հայաստանի ազգային փոլիթէքնիք  համալսարանը, սակայն հայեացքս միշտ եղած է դէպի բժշկութիւն: Աւարտելէ ետք  այդ ոլորտին մէջ ինծի համար ամենամատչելին «Հայբուսակ» համալսարանն էր: Ընդունուեցայ այնտեղ, աւարտեցի՝ ստանալով գեղագէտ (քոսմեթոլոկ)-բժիշկ մասնագիտութիւնը: 1993-ին ամուսնացայ, եւ ամուսինիս հետ մեկնեցանք Քուէյթ:

Քուէյթցիներուն հերթի մէջ պահող հայը

Քուէյթի մէջ, ուր ես կ'աշխատէի, ինձ  յատուկ  սենեակ յատկացուցած էին նկուղային յարկին մէջ, իսկ նոյն շէնքի 3-րդ յարկը կ'աշխատէր Քուէյթի ամենաճանչցուած մաշկաբաններէն մին: Մէկ անգամ ան մօտեցած է շէնքի պատասխանատուին եւ ըսած, որ քուէյթցիները հերթ կանգնիլ չեն սիրեր: Հետաքրքրուած է, թէ ով է ներքեւը աշխատողը, որու համար այդքան հերթ կանգնած են: Պատասխանատուն ըսած է՝ Հայաստանէն եկած հայ է:

«Ոսկէ» մատներով կինը

 Այցելուներու հոսքը կ'աւելնար: Անգամ մը լրագրողը մօտեցաւ ինձ եւ խնդրեց հարցազրոյց ընել: Սակայն, քանի որ շատ զբաղուած էի, խնդրեցի, որ իմ աշխատանքի վերաբերեալ հարցեր ուղղի դռան մօտ սպասող այցելուներուս: Հանդիպած էր այն կնոջ, որուն ես ծանր վիճակէն դուրս բերած էո: Ան ինծի ներկայացուցած էր հետեւեալ կերպ՝ «ոսկէ» մատներով կին: Արտայայտութիւնը տարածուած էր Քուէյթի մէջ:

 Վերադարձ հայրենիք

Երբ աշխատեցայ Քուէյթի մէջ, հասկցայ, որ որպէս տերմաթոլոկ-վեներոլոկ վերապատրաստուելու կարիք ունիմ: Ետ վերադառնալով հայրենիք, շարունակեցի ուսումս: Սակայն իմ բնավորութեան համաձայն, ես պէտք է զբաղուէի մի քանի  գործով: Սորվելու տարիներուն առաջացաւ միտքը՝ ստեղծել «Հելիոս» բժշկական կեդրոնը, որուն մէջ ինձ շատ օգնեց ամուսինս: «Հելիոս»-ը Հելէնի լատիներէն տարբերակն է:

Առողջութիւնը եւ գեղեցկութիւնը պէտք է զուգահեռ քալեն

 Քուէյթի մէջ «Հելիոս»-ը կը ճանչնան եւ կը վստահին որպէս հայերու կեդրոն: Այն արդէն 23-րդ տարին էր, ինչ հիմնած էի Քուէյթի մէջ, երբ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան ծառայութիւններ մատուցող կեդրոն ստեղծեցի նաեւ Երեւանի մէջ: Հայաստանի մէջ «Հելիոս»-ի առաջին մասնաշէնքը հիմնադրուեցաւ 2007-ին, 2010-ին՝ երկրորդը, 2016- ին՝ երրորդը: Սկիզբը ստեղծուեցաւ տարրալուծարանը (լապորաթորիան), որ կը զբաղուի «Գեղեցկագիտական» («էսթետիք») բժշկութեամբ եւ «մաշկաբանութեամբ («տերմաթոլոկիա»ով), յետոյ մեզի միացան կինեքոլոկ, ջղախտաբան (նեւրոպաթոլոկ), աղիներու եւ այլ նեղ մասնագէտներ, որոնք անհրաժեշտ են արտաքին տեսքը առողջ եւ գեղեցիկ պահելու համար: Ես միշտ հաւատացած եմ՝ չի կրնար ըլլալ առողջ մաշկ, առանց առողջ օրկանիզմի՝ առողջութիւնը եւ գեղեցկութիւնը պէտք է քալեն զուգահեռ: Յետոյ ստեղծուեցաւ ոտնաթաթերու խնդիրներով զբաղուող կեդրոնը, այնուհետեւ՝ հականեխիչ համակարգով գործող եղունգներու խնամքի կեդրոնը: Մատուցուող բոլոր ծառայութիւնները կը համապատասխանեն միջազգային չափանիշերուն:

Արեւելքի հայ կանայք

Կեդրոնը հիմնելէ ետք յստակ հասկցած եմ, թէ ինչ կ'ուզում, այն ինձ ինքնավստահութիւն տուած է: Կ'ուզեմ իմ շրջապատի բոլոր կանայք ըլլան այդպիսին: Սուրիահայ կանայք պէտք չէ դուրսը փնտռեն այն, ինչ Հայաստանի մէջ իսկապէս կրնան գտնել: Արեւելքի կանայք անցած են դառն եւ դժուար ճանապարհ: Այս հաւաքը անոնց ինչ-որ կերպ սփոփելու հնարաւորութիւն է, ցոյց տալու, որ անոնք առանձին չեն: Ըլլայ սուրիահայ, պարսկահայ կամ մէկ այլ տեղէ եկած հայ, հայրենիքի մէջ բոլորս գնահատուած ենք:

 

Արդէն 18 տարի Հայաստան ապրող սուրիահայ Ալին Սարեանի կարծիքով՝ նման յաջողակ պատմութիւնը իսկապէս ոգեշնչող է իր եւ միւս սուրիահայ կանանց համար: «Եթէ մէկը յաջողութեան հասած է, դուն քեզ հարց կու տաս՝ ինչո՞ւ ոչ ես, ես նոյնպէս կրնամ: Հելէնը երազեց եւ հասաւ անոր իր աշխատասիրութեան եւ հաւատքի շնորհիւ: Ես, Հելէնը եւ շատ այլ սուրիահայեր, որոնք  սեփական կամքով եւ սիրով եկած ենք Հայաստան, կ'ուզենք մեր որոշումը ամրապնդուի յաջողութեամբ»,-ըսած է սուրիահայ տիկինը: Հանդիպման ներկայ եղած  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ Շուշանիկ Գասպարեանը եւս յոյս յայտնած է, որ յաջողակ կինը իր պատմութեամբ կ'ոգեշնչէ այլ սփիւռքահայերու՝ գործունէութիւն ծաւալել հայրենիքի մէջ, քանի որ Հայաստանը ողջ հայութեան սիրտն է:

 

 

Նիւթի աղբիւր ՝«Արմէնբրէս»