image

Իսրայէլ վերջնական որոշում կը կայացնէ «Հըզպալլա»ի դէմ պատերազմ մղելու շուրջ

Իսրայէլ վերջնական որոշում կը կայացնէ «Հըզպալլա»ի դէմ պատերազմ մղելու շուրջ

Իսրայէլեան բանակի գլխաւոր հրամանատարը յայտնած է, որ Իսրայէլ մտադիր չէ Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի դէմ յարձակում իրագործել. «Մենք ոչ մէկ մտադրութիւն ունինք Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի դէմ յարձակման նախաքայլ կատարել ու պատերազմի հասնելու»: Այս մասին կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Հրամանատարը նշած է նաեւ, որ երջանիկ է սահմանի երկու կողմերը տիրող խաղաղութեամբ, որ 11 տարիէ ի վեր հաստատուած է, միաժամանակ ակնարկելով իրանեան կողմի գործողութիւններուն, որոնք կրնան լարուածութիւն ստեղծել, սակայն այդ նոյնպէս տուեալ պահուն անհաւանական է: