image

Սաատ Հարիրի ե՞րբ պիտի վերադառնայ Պէյրութ

Սաատ Հարիրի ե՞րբ պիտի վերադառնայ Պէյրութ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը պաշտօնական կերպով հրապարակած է անկախութեան տօնին մասնակցելու հրաւէրը, որ տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի Շաֆիք Ալ Ուազզան շրջանին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Ուշագրաւ է այն, որ բանակի հրապարակած մասնակիցներու ցանկին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Սաատ Հարիրի, որուն տօնակատարութիւններու հրապարակ ժամանման ժամը նոյնպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ հրապարակուած ժամանակացոյցին, անկախութեան տօնին օրը Հարիրի պիտի ժամանէ առաւօտեան ժամը 08:50-ին, որուն առթիւ ռազմական ընդունելութիւն պիտի կազմակերպուի, այնուհետեւ շքերթը պիտի ուղեկցի վարչապետին, իր տեղը գրաւելու համար պատւոյ շքախումբի առաջին շարքը: