image

Չեմ ուզեր հաւատալ պատահածին եւ մինչեւ հիմա կը սպասեմ տղուս տունդարձին. Սօսի Թաթուրեան- Պաղտոյեան

Չեմ ուզեր հաւատալ պատահածին եւ մինչեւ հիմա կը սպասեմ տղուս տունդարձին. Սօսի Թաթուրեան- Պաղտոյեան

«Ամէն ինչին լուծումը կայ՝ փլատակ շէնքերը կը վերանորոգուին, սովին կը դիմանաս, սակայն երբ  անհատը  հեռանայ, չի վերադառնար, ոչ ալ իր նմանը կու գայ»... այս   բառերը կը պատկանին   ցայսօր ալ  Հալէպ ապրող եւ    Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին իր զաւակը կորսնցուցաՍօսի Թաթուրեան-Պաղտոյեանին:

Կիպրոսէն Հալէպ   հարս  գացած  հայուհին  միակը չէ, որ    պատերազմի    մեծ ցաւը ապրեցաւ: Ան, ինչպէս   շատ ուրիշներ   հակառակ      Հալէպը   պաշարած   ծանրագոյն դէպքերուն,   վճռեց ամէն գնով Հալէպ մնալ, հաւատալով, որ    արեւոտ ու խաղաղ  օր մը, իր զաւակը  զինուորական  ծառայութիւնը աւարտելով, ետ տուն  պիտի վերադառնայ: 

Այսօր ալ  նոյն հաւատքին է  տիկին  Սօսին. Ան կը հաւատայ, որ   օր մը անպայման իր որդին  իր  հօրենական   տան դուռը  կը զարնէ ու  կը գրկէ     Վարուժանի բառերով  ըսուած  «Մայրը  կարեվեր»:

Դժուարին օրեր   ապրեցաւ հայութեան համար  յատուկ նշանակութիւն ունեցող    եւ հայկական   դրոշմով ապրող Հալէպը, որուն  կրած   ցաւերէն    բաժին մը մեղմելու նպատակով «Արեւելք» կը շարունակէ       հարցազրոյցներ  կատարել, անոր ամենահարազատ  ու անդաւաճան    բնակիչներուն ու   ահաբեկիչներուն դէմ  սուր ու  դաժան   պայքար մղած  հերոսներու մայրերուն հետ:

 

Արեւելք հարցազրոյցը՝ հալէպահայ      զինուոր Յարութ Պաղտոյեանի  մօր ՝  Տիկին Սօսի  Թաթուրեան-Պաղտոյեանին:

 

 

 

-Տիկին   Պաղտոյեան, Ձեր տղան ե՞րբ եւ ո՞ւր  զոհուեցաւ , որքան ժամանակէ ի վեր զինուոր էր եւ ո՞ր շրջանը կը գտնուէր:

 

-Տղաս՝ Յարութ Պաղտոյեանը, զինուորական ծառայութեան սկսաւ 1 Օգոստոս 2011-ին, Դամասկոս, այսինքն դէպքերը տակաւին նոր սկսած էին: Նահատակուեցաւ 17 Օգոստոս 2016-ին: Մենք անոր նահատակութեան լուրը առինք տասներկու օր ետք: Նահատակութենէն մէկ օր առաջ եկաւ եւ զինքը տեսայ:

 

-Բոլոր մայրերուն համար շատ դժուար եւ անբացատրելի է այս պատահարը. Ի՞նչ են ձեր մտածումները, զգացումները:


-Մինչեւ հիմա ես չեմ հաւատար, թէ ան այլեւս չկայ եւ  ալ պիտի չվերադառնայ...  Միշտ յոյս մը կայ մէջս, կը կարծեմ որ ան ետ պիտի վերադառնայ, որովհետեւ ես չտեսայ անոր դիակը...

 

-Այսինքն դիակը Ձեզի չտո՞ւին:

 

-Ոչ, տուին: Հիւանդանոց բերին, սակայն ինծի թոյլ չտուին, որ տեսնեմ զինք այդ վիճակով: Հայրը գնաց, սակայն դիակը հօրն անգամ ցոյց չեն տուած: Իր առարկաները յանձնեցին մեզի, բայց ես դարձեալ չեմ ուզեր հաւատալ պատահածին եւ մինչեւ հիմա կը սպասեմ զինքը:

Ան իմ անդրանիկ զաւակս էր:

 

- Ուրիշ զաւակներ ալ ունի՞ք:

 

-Այո, մէկ աղջիկ եւ մէկ տղայ եւս ունիմ: Աղջիկս՝ Մեղրին  դպրոցական  է ՝ իններորդ դասարան, իսկ տղաս՝ Աւոն զինուորական ծառայութենէն ազատուած է՝ առողջական պատճառներով:

 

- Տիկին Սօսի, երբեք մտադրութիւն չունի՞ք Հալէպէն դուրս գալու:

 

-Այո, կ'ուզէի եւ տղաս ալ միշտ կ'ըսէր, որ իր  եղբօր ու  քրոջ  հետ Հալէպէն   հեռանամ, սակայն ես զինքը չէի կրնար ձգել ու հեռանալ: Մինչեւ օրս չեմ ուզեր լքել Հալէպը եւ հեռանալ, որովհետեւ ինքը հոս է...

Ես Սուրիոյ քաղաքացի չեմ, կիպրացի եմ, ամուսինս սուրիացի է, մենք ութ տարի Կիպրոս մնացինք: Պայմաններու բերումով, դէպքերէն մէկ տարի առաջ՝ 2010 թուականին, ստիպուած վերադարձանք Հալէպ եւ արդէն մէկ տարի ետք տղաս զօրակոչուեցաւ:

 

-Իսկ ներկայիս չէ՞ք մտածեր Սուրիայէն հեռանալ, այդքան վատ օրեր ապրելէ ետք:    


-Ոչ, որովհետեւ տղաս հոս է... Եւ մեծ յոյսով կը սպասեմ, որ օր մը կը վերադառնայ:

 

- Ներկայիս ինչպէ՞ս է Հալէպի վիճակը:

 

Կրնամ  ըսել,       որ այս  օրերուն վիճակը     բաւական   լաւացած : Քաղաքը  խաղաղ է, ջուր կայ, ելեկտրականութիւն կայ, զարկ չկայ:

 

- Դուք լաւատէս է՞ք ապագայի նկատմամբ:


-Այո, յոյսեր ունիմ: Ամէն ինչ ժամանակի ընթացքին կը շտկուի, սակայն մեկնողները  չեն վերադառնար:

 

-  Ո՞ւր թաղուած է  ձեր որդին:


-Հալէպ թաղուեցաւ՝ Քարմելիթ, սակայն մօտ օրերու ընթացքին, անոր աճիւնները    Ազգային գերեզամանտուն    պիտի փոխադրենք:

 

- Վերադառնալով անոր    մահուան   պայմաններուն, ինչո՞ւ  անոր նահատակութեան լուրը տասնըերկու օր վերջ ստացաք:


-Երբ յարձակման վայրը մտած են, չեն կրցած վիրաւորները եւ դիակները դուրս բերել, հետեւաբար  տղաս տասներկու օր արեւին տակ մնացած է: Երբ մեզի յանձնեցին անձնական իրերը՝ ժամացոյց, անձնաթուղթ, դրամապանակ եւ այլն, դրամապանակը ամբողջ արեան մէջ էր: Մէջը կային մեր ընտանեկան լուսանկարները եւ այլն:

 

- Հալէպահայութիւնը այսքան դժուար եւ վատ օրեր անցուց: Ի՞նչ միտքեր, ինչ եզրակացութիւն ունիք Սուրիոյ պատերազմին հետ կապուած:


-Ընտանիքները ցիրուցան եղան, երիտասարդներ, որոնք կեանքը չտեսան՝ հեռացան մեզմէ, ես եւ ինծի պէս շատ մայրեր, կարօտ մնացինք մեր զաւակներուն:

 

-Ի՞նչ կրնաք ըսել  ներկայիս  Հալէպի  մէջ  ապրող  երիտասարդութեան թիւին մասին:


-Շատեր արդէն հեռացած են քաղաքէն, իսկ շատեր տակաւին զինուորական ծառայութենէն չեն ձերբազատուած: Ամէն ինչին լուծումը կայ՝ փլատակ շէնքերը կը վերանորոգուին, սովին կը դիմանաս, սակայն երբ  անհատը  հեռանայ՝ չի վերադառնար, ոչ ալ իր նմանը կու գայ:

 

-Ներկայիս Հալէպ  ապրող   հայորդիները   պիտի շարունակե՞ն    հոն մնալ   կամ   այլոց նման   կը հեռանա՞ն  Հալէպէն:  


-Ոչ, չեն լքեր: Բաւական հայեր կան հոս եւ կը շարունակեն ապրիլ, արդէն իրավիճակն ալ բարելաւուեցաւ, ամէն ինչ առատ է, խաղաղ է, մեր կողմերը վտանգ չկայ, զարկ չկայ: Շատ վատ պայմաններու մէջ ապրեցանք՝ ջուր չկար, ելեկտրականութիւն չկար, վառելանիւթ չկար, սակայն ներկայիս վիճակը յուսադրիչ է:


-Իսկ ինչ կ'ըսէք Հալէպէն հեռացածներուն  մասին, կը  վերադառնա՞ն  արդեօք:  

 

-Այո, եկողներ կան, քաղաքը խաղաղեցաւ, հետեւաբար կու գան, որովհետեւ մէկը ուր որ ալ երթայ, ետ իր տունը պիտի դառնայ:

Ներկայիս ծնողքս եւ երկու քոյրերս Կիպրոս են եւ ինծի անընդհատ կ'ըսեն, որ ես ալ երթամ, սակայն ես Հալէպը լքելով չեմ երթար: Երբ տղաս զինուոր էր, կրկին կ'ըսէին, իսկ ես տղաս ձգելով չէի ուզեր երթալ, տղուս չէի կրնար մինակ ձգել: Հիմա կ'ըսեն,որ  տղադ ալ չկայ, սակայն կրկին ես չեմ կրնար ձգել եւ  հոսկէ հեռանալ:

Ամուսինս Ռաքքայէն է, եւ երբ ամէն ինչ լաւ ըլլայ կ'ուզէ Ռաքքա վերադառնալ:

 

-Իսկ Ռաքքայի հայութեան մասին տեղեակ է՞ք, տակաւին հոն հայեր կա՞ն:

 

-Իմ տեղեկութիւններուս համաձայն, բոլոր հայերը լքած են Ռաքքան:


-Ըստ Ձեզի, հայութիւնը կրկին կը վերադառնա՞յ Ռաքքա:


-Ես լսեցի, թէ ամբողջ Ռաքքան փլատակ եղած է՝ տուներ, խանութներ, շուկաներ, բայց երբ խաղաղ,ի կը վերադառնան: Ներկայիս քիւրտեր կան, բայց երբ ամբողջովին վտանգը վերանայ, կը կարծեմ որ ամէնքը կը վերադառնան իրենց տուները:


- Տիկին Սօսի, իբրեւ նահատակի ծնողք, պետութիւնը օգնութիւն կը ցուցաբե՞րէ Ձեզի:

 

-Այո, տղաս երբ նահատակուեցաւ թաղման ծախսերը պետութիւնը հայթայթեց, եւ ներկայիս ինծի եւ ամուսինիս ամսական դրութեամբ գումար  կը յատկացնէ: Սակայն եթէ ամբողջ աշխարհը տան, ի՞նչ կ'արժէ, ես իմ կեանքիս լոյսը, յոյսը կորսնցուցի: