image

Ռաֆայէլա Անթունեան. Պէյրութի մէջ անյայտ կորսուած է 13-ամեայ պարմանուհին

Ռաֆայէլա Անթունեան.  Պէյրութի մէջ անյայտ  կորսուած   է 13-ամեայ  պարմանուհին

Պէյրութի մէջ անյայտ կորսուած է Ռաֆայէլա  Ալթունեանը: «Արեւելք»   այս մասին   վերահասու   դարձաւ Լիբանանի  ներքին  ապահովութեան  ուժերու դիմատետրի   էջէն, ուր կը  նշուի, թէ 3  դեկտեմբերէն ի վեր     կը  անյայտ   կորսուած   է  2004 թուականի ծնունդ  հայուհին:

Պաշտօնական   աղբիւրին  համաձայն,  Ռաֆայէլա  վերջին անգամ  տեսնուած է  Պէյրութի  քրիստոնաբնակ   Էշրէֆիյէ  շրջանի Մար  Մըթր  թաղամասին   մէջ, ուր  հասած է  իր    հօր  ընկերակցութեամբ:     Այդ  օրէն ի վեր եւ  մինչեւ այս պահը   անոր  մասին   որեւէ  տեղեկութիւն  չի   փոխանցուիր:   Նոյն  մարմնին   պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ  Ռաֆայէլայի  մասին տեղեկութիւն ունեցողներէն  կը  խնդրուի ներկայանալ Էշրէֆիյէ շրջանի  ոստիկանութեան  կեդրոն: