Ռուսիոյ մշակութային մայրաքաղաք համարուող Սենթ Փեթերսպուրկը փրկուած է ոճրային պայթումներէ: Այս մասին լուրը փոխանցեց BBC կայանը յղում ընելով ռուսական Գրէմլի այսօր հրապարակած հաղորդագրութեան: Ըստ հաղորդումին Ռուսիոյ հակահաբեկչական կառոյցները վտանագաւոր տեղեկութիւններ ստացած են, որոնց հիմքով քաղաքը թիրախ պիտի դառնար ահաբեկչական գրոհներու:
Կը նշուի նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութին այսօր հեռախօսազրոյց ունեցած է իր ամերիկացի գործընկերոջ հետ ու շնորհակալութիւն յայտնած անոր Ամերիկայի կողմէ Մոսկուային փոխանցուած տեղեկութեանց համար:
Փութին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ամերիկեան CIA-ի ղեկավարին: