image

Պէյրութ.Սպաննուած է Բրիտանիոյ դեսպանատան աշխատակից Ռեպեքա Տայքսը

Պէյրութ.Սպաննուած է Բրիտանիոյ դեսպանատան աշխատակից Ռեպեքա Տայքսը

Երէկ ուշ երեկոյեան յայտնի դարձաւ, որ Պէյրութի  մէջ յայտնաբերուած դիակը կը պատկանի բրիտանուհի Ռեպեքա Տայքսին: 

Այս մասին լուրը հաղորդեց VDL կայանը յաւելելով, որ Տայքս Պէյրութի մօտ  Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատան աշխատակիցներէն  է:

Աւելի վաղ լրատուական աղբիւրներ հաղորդած էին, որ Մեթնի մայրուղղիին վրայ յայտնաբերուած  է կնոջ մը դիակը, որուն վրայ կան չարչարանքի հետքեր, եւ ան խեղդամահ եղած է:

Բրիտանիոյ դեսպանատունը դէպքէն ժամեր անց հաղորդագրութիւն մը հրապարկեց՝ կիսելով Տայքսի հարազատներուն վիշտը եւ լրատուական  կայաններէն  խնդրելով  զուսպ ըլլալ դէպքին մասին լրատուութիւն  կատարելու  առընթեր:

Ըստ «Ալ Հայաթ» պարբերականի ունեցած տուեալներուն, Տայքսի ոճիրը անհատական բնոյթ ունի: