image
Հրատապ լուրեր:

«Սուրիացիք առանց վիզայի». Ո՞ր երկիրները կրնան մուտք գործել Սուրիոյ քաղաքացիները

«Սուրիացիք առանց վիզայի». Ո՞ր երկիրները կրնան մուտք գործել Սուրիոյ քաղաքացիները

Օրերս թարմացուած ցուցակ մը հրապարակուած է որ կ'ընդգրկէ այն երկիրներու անունները, որոնք կ'ընդունին սուրիացիները առանց մուտքի արտօնագիրի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Երկիրներու թիւը, ըստ լոյս տեսած ցուցակին 32 են, որոնց մէկ մասը սուրիացիներուն թոյլ կու տայ առանց արտօնագիրի մուտք գործել, իսկ միւս մասը ժամանման պահուն օդակայանէն տարբեր ժամկէտներով ու արժէքներով մուտքի արտօնագիրներ կը տրամադրէ:

Աղբիւրին համաձայն, որ յիշեալ 32 երկիրներ գտնուող սուրիացին իր կեցութեան համար սահմանուած ժամկէտի աւարտին պարտի ներկայանալ համապատասխն անձնագրային վարչութիւն, կեցութեան կարգավիճակ ստանալու կամ երկիրը լքելու համար:

Նշուած է նաեւ, որ Թուքիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Յորդանան, Լիպիա եւ Քոմորեան կղզիներ այն երկիրներն են, որոնք անցեալին առանց մուտքի արտօնագիրի թոյլ կու տային Սուրիոյ քաղաքացիներուն այցելել իրենց երկիրը, սակայն ներկայիս փոխած են իրենց դիրքորոշումն ու արտօնագիր ստանալու պայման սահմանած: