image

Լիբանանի Ազգային անվտանգութիւնը հազարաւոր անձերու հեռախօսները կը գաղտնալսէ՞

Լիբանանի Ազգային անվտանգութիւնը հազարաւոր անձերու հեռախօսները կը գաղտնալսէ՞

Հեռախօսներու անվտանգութեան մէջ մասնագիտացած «Look Out» ընկերութիւնն ու թուային իրաւունքներու պահպանման «Electronic Frontier» ընկերութիւնը համատեղ յօդուածով մը հանդէս եկած են, յայտարարելով, որ Լիբանանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը 2012 թուականէն ի վեր 21 երկրի մէջ գործող «Android» համակարգով գործող հեռախօսներու միջոցով հետապնդումներ կ'իրականացնէ:

Յօդուածին համաձայն,  «Android» համակարգով գործող հեռախօսներու միջոցով Միջին Արեւելքի մէջ ցանցահէններ կարողացած են հեռախօսներու տէրերուն նամակներ ուղարկել, առաջարկելով այս կամ այն ծրագիրը ներբեռնել ու այդ ծրագիրներուն միջոցով իրականացնել իրենց լրտեսական գործունէութիւնը:

Ցանցահէններու լրտեսական գործողութիւններու անյաջող փորձերէն մէկ քանին պատճառ դարձած է, որ վերջիններուս օգտագործած սնուցիչները կապուին Լիբանանի Ազգային անվտանգութեան սնուցիչներուն հետ, որուն միջոցով ալ վերջիններս կարողացած են հետապնդպան գործողութիւններ իրականացնել: