image

Երեսփոխան Սլէյման Ֆրանժիէի բացաւ յաջորդ նախագահական ընտրապայքարը

Երեսփոխան Սլէյման Ֆրանժիէի բացաւ յաջորդ նախագահական ընտրապայքարը

Լիբանանեան «Ալ Մարատա» քաղաքական հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրանժիէ որոշած է պատգամաւորական աթոռը իր որդիին՝ Թոնիին յանձնելով անցում կատարել նախագահական պաշտօնին, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Այսպիսով Ֆրանժիէ պայքարի դուրս պիտի գայ նախարար Ճպրան Պասիլի դէմ, որ նոյնպէս մտադիր է նախագահական պաշտօնի համար իր թեկնածութիւնն առաջադրել:

Ֆրանժիէի կարծիքով, երկրի նախագահը զերծ պէտք է մնայ բախումներէ, ինչպէս նաեւ մանրուքներու մէջ խորանալէ:

Հաղորդավար Միրսալ Ղանէմի հեռուստահաղորդման որպէս հիւր ներկայացած Ֆրանժիէ շարք մը ուղերձներ յղած է Ճպրան Պասիլին, վստահեցնելով, որ բուռն պիտի ըլլայ իրենց պայքարը, սակայն կը համարէ, որ Պասիլի յաղթանակն աւելի նախընտրելի է, քան Պաթրունի ուժերէն մէկուն յաղթանակը: