Այսօր Լիոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սարգիս Հացպանեանը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի ընկերներէն: Յիշեցնենք, որ Հացպանեան վերջին ամիսներուն փոխադրուած էր Ֆրանսայի Լիոն քաղաք համապատասխան դարմանումներ ստանալու նպատակով: Իր մօտ յայտնուած բաւական ծանր եւ յառաջացած հիւանդութեան դէմ պայքար մղելէ եւ բժիշկներու անմիջական խնամքին տակ ըլլալէ ետք ան այսօր յետմիջօրէին փակած է իր աչքերը:
Աւելի ուշ պիտի ճշդուին հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման մասին տուեալները: Արմատներով Պոլսեցի Սարգիս Հացպանեան ծաւալած է հասարակական բեղուն գործունէութիւն:
ՀՀ անկախութենէն ետք հայրենադարձած Հացպանեան Հացպանեան քաջածանօթ էր Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն ու մօտէն կը հետեւէր արեւմտահայոց հիմնահարցերուն: