image

Յարձակում Պոլսոյ Պատրիարքարանի Շէնքին Վրայ

Յարձակում   Պոլսոյ Պատրիարքարանի Շէնքին Վրայ

 Թուրքիա-  «Արեւելք»ի աղբիւրներէն  կը տեղեկանանք, որ    երէկ    յարձակում մը գործուած է Պոլսոյ Գումգաբու   շրջանին մէջ  գտնուող    Պատրիարքարանի շէնքին վրայ: Մեր աղբիւրը նաեւ կը  յայտնէ, թէ յարձակողները եղած են  շուրջ 20 անձեր, որոնք քարեր շպրտած են  շէնքի պահակակէտին  վրայ: Պատասխանատուներ կապ  հաստատած են   շրջանի  ոստիկանութեան  հետ եւ անոնց ժամանումին հետ  խռովարարաներուն հետքը կորսուած է: Նշենք, որ    առաջին անգամը չէ, որ  Հայոց Պատրիարքարանը նման   յարձակումներու կ'ենթարկուի: