image

Գամիշլիի մէջ ահաբեկչական պայթում. Կան առնուազն 4 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ

Գամիշլիի մէջ ահաբեկչական   պայթում.    Կան  առնուազն  4   զոհեր եւ  7   վիրաւորներ

18   Փետրուարի   երեկոյեան   ուժգին պայթում մը  ցնցած է  Գամիշլին:  Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Գամիշլիի  իր աղբիւրէն, որուն փոխանցմամբ    ահաբեկչութիւնը արդիւնք էր  ականուած  ինքնաշարժի մը   պայթումին:Դէպքին   հետեւանքով   զոհուած  են  4  անձեր եւ   կան 7   վիրաւորեալներ: Վիրաւորներուն մէջ  կան ծանր    պարագաներ:

    Մինչեւ այս պահը,  ոչ մէկ կողմ ստանձնեց   ահաբեկչութեան    պատասխանատուութիւնը   եւ  զոհերուն մէջ  հայեր  ըլլալուն մասին ցարդ   տուեալներ չեն հաղորդուիր:

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ յիշեցուց, որ    «Ղարպիյէ»  շրջանին  մէջ ,  ուր      գրանցուած է   ահաբեկչութիւնը նոյնպէս ծանր ահաբեկչութիւն մը գործուած էր    2017 թուականին, որուն հետեւանքով  զոհուած    հարիւրէ  աւելի   անձեր: