image

Ինչո՞ւ Անգարա զայրացաւ հալէպահայ լուսանկարիչէն

Ինչո՞ւ Անգարա զայրացաւ հալէպահայ լուսանկարիչէն

Թէեւ հայկական լրահոսին մէջ շատ քիչ գրուեցաւ թրքական ԶԼՄ-ներուն կողմէ անցեալ շաբաթ հալէպահայ լուսանկարիչ-լրագրող Ճօրճ Ուրֆալեանին դէմ շղթայազերծած արշաւին մասին, բայց եւ այնպէս Ճօրճ առանց «փող ու թմբուկ»ի եւ, յենուելով իր արհեստավարժ լրագրողի ունակութիւններուն վրայ, կարողացաւ լախտի ծանր հարուած մը  տալ Թուրքիոյ «հզօր» համարուած քարոզչական  մեքենային:

Խօսքը կը վերաբերի Սուրիա-Թուրքիա Աֆրին շրջանին մասին, ուր անցնեալ յունուարէն ի վեր Թուրքիա ընթացք տուած է «Ձիթենիի  ճիւղ» անունով  գործողութեան մը, որուն հիմնական նպատակն է «ծունկի բերել» շրջանի  քրտական ջոկատները,  այդպիսով նաեւ մուտք  գործելով Սուրիա  եւ  30 քլմ.  խորանալով ստեղծելու «ապահովական գօտի»  մը:

 


 


Ճօրճին դէմ թրքական լրատուական ծառայութիւնները պայքար մը կը սկսէին, այն պատճառով, որ հայ լուսանկարիչը Հալէպէն Աֆրին մեկնելով կը լուսանկարէր այդ քաղաքը մուտք գործող Սուրիոյ «ժողովրդային ուժեր»ը, այդպիսով մերկացնելով թրքական քարոզչական մեքենային ստապատիր խօսքերը այն մասին, որ Սուրիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը  վայելող ուժեր  չեն կարողացած Աֆրին հասնիլ ու տեղի տալով թրքական բանակի  հարուածներուն առջեւ, ստիպուած կ'ըլլային ետ  քաշուիլ դէպի Հալէպ քաղաքի  ծայրամասերը:

Աֆրինի  մէջ տեղի ունեցած դէպքերը հասած էին թէժ  փուլ մը եւ թրքական բանակը, նախազգալէ ետք, որ անհնար է գետնի վրայ առաջխաղացում գրանցել, սկսած է հարուածել Աֆրինի անզէն բնակչութեան վայրերը՝ այդպիսով  պատճառելով տասնեակ   մարդկային զոհեր:


 


 

Ճօրճ, որ Ֆրանսական AFP գործակալութեան Սուրիոյ լրագրողն էր, հաւատացած էր, որ պարտաւոր է Աֆրին երթալ, տեսնելու եւ լուսանկարելու, հետեւաբար նաեւ աշխարհին ցոյց տալու թրքական կողմին  բարբարոսութիւնները:

Ճօրճ  բառերով, ճառերով, շարադրութիւններով  չէր  խօսէր, այլ միայն՝     լուսանկարներով:

Անաչառ լրագրողի հաւատամքին հաւատացող Ճօրճին համար կարեւորագոյն կէտը դէպքերը եւ զարգացումները անկեղծօրէն հանրութեան ներկայացնելն էր, ու այդ առաքելութեամբ ան կը հաւատար, որ կերպով կը պիտի նպաստէ  անարդարուածներու եւ մարդկային ծանրագոյն վիճակներու մէջ յայտնուած Սուրիոյ քաղաքացիներու կարեւոր խաւի մը:

 

 


 

Մինչ թրքական լրատուական կայքեր Ճօրճին արարքը դատապարտելու միամտութենէն հեռու մնալու ճիգով կը հրապարակէին հալէպահայ լուսանկարիչին՝ Սուրիոյ բանակի զինուորներու հետ առած լուսանկարները գրելով նաեւ, որ Ճօրճ վստահելի գործընկերն է Սուրիոյ «մարդասպան»  նախագահ Պաշշար Ասատին, անդին  Ճօրճ կը յայտարարէր, որ ինք  հպարտ է իր երկրի բանակայիններուն հետ լուսանկարուելուն համար:

Ի դէպ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին մէջ Ճօրճ առաջին հայորդին չէ, որ նման քաջարի կեցուածքով հանդէս գալով բարձր կը պահէ հայութեան ճակատը, բայց եւ այնպէս ան առաջին հայ լրագրողն է, որ կը յաջողի գետնի վրայ գրանցուած դէպքերուն իրական պատկերը առնել եւ  աշխարհին տարածել:

 


Ճօրճ գիտակցօրէն կը կատարէ իր գործը, ու ինչպէս ինք կ'ըսէ, իրեն համար ամէնէն վեհ արժէքը մարդկային կեանքն ու մարդու արժանապատուութիւնն են:

 

 «Արեւելք»