image

Պատերազմին ընթացքին առնուազն երկու անգամ ստոյգ մահէ փրկուեցայ. Հալէպահայ Ճորճ Ուրֆալեան

Պատերազմին ընթացքին առնուազն երկու անգամ ստոյգ մահէ փրկուեցայ. Հալէպահայ Ճորճ Ուրֆալեան

-Մամուլէն  իմացած ենք,  ձեր  ռազմական լուսանկարիչ  ըլլալուն  մասին, ինչպէ՞ս որոշեցիք  լուսանկարիչ դառնալ եւ ո՞վ օգնեց քեզի որ այդ ճամբան ընտրէք:

Լուսանկարչութիւնը իմ հօրս գործն էր: Հայրս ՝ Հայկ Ուրֆալեանը 40 տարուայ լուսանկարիչ է եւ ինք եղաւ ինձ ճամբայ ցոյց տուողը,  ես իրմէ սորվեցայ այս գործը եւ իր գործը կը շարունկաեմ:

 

-Նախքան Սուրիոյ պատերազմը նոյնպէ՞ս  լուսանակարչութեամբ կը զբաղէիր, թէ այլ  գործով:

Այո, ես նախքան Սուրիոյ պատերազմը՝  2011-էն առաջ արդէն այս գործով կը զբաղուէի: Ինչպէս ըսի հօրմէս ժառանագած եմ եւ  2002-2003-էն արդէն լուսանկարիչ եղած եմ Հալէպի մէջ:

 

 

 

 

 

-Գետենք, որ ներկայիս Ֆրանսական լրատուական գործակալութեան (AFP) հետ կ'աշխատիս: Պատերազմի ո՞ր շրջանին սկսար որպէս պատերազմական լրագրող աշխատիլ եւ առաջին անգամ որ թերթին համար սկսար աշխատիլ:

Ես առաջին անգամ որպէս պատերազմական ֆոթօ լրագրող գործի սկսայ 2002-2003ին, «Ալ-Ճամահիր» թերթին հետ, որ կառավարութեան Հալէպի թերթն է, միաժամանկ կ'աշխատէի «ՍԱՆԱ» գործակալութեան հետ, իրենց Հալէպի լուսանկարիչն էի. Երբ պատերազմը սկսաւ 2011-ին ես առաջին պատերազմական լուսանկարիչը եղայ Հալէպի մէջ, մինչեւ այսօր ալ կրնամ ըսել ֆոթօ նկարիչներու չեմ հանդիպած, հաւանաբար չկայ, այդ ժամանակ ես սկսայ նորէն «ՍԱՆԱ»-ին եւ «Ճամահիր»ին համար նկարել, առաւել «Ռոյթըրզ»ին: Ես 2003-ին եւ 2007-ին «Ռոյթըրզ»ին իմ գործերէս մի քաի նկար ղրկած էի, որպէսզի ծանոթանան, սակայն 2011-ին յետոյ սկսայ իրենց հետ աշխատիլ, իսկ 2013-2014-ի սկիզբը, երբ  AFP –էն ուզեցին ինծի եւ աւելի լաւ պայմաններ առաջարկեցին, իրենց հետ սկսայ աշխատիլ: Այսօր կրնամ ըսել, որ երեքին հետ կ'աշխատիմ՝  «Ճամահիր»ին, «ՍԱՆԱ»ին եւ ֆրնասական լրատուական գործակալութեան (AFP):

 

 

 

 

-Ո՞րն էր Հալէպի մէջ եղած պատերազմի ըթացքին քու հետդ պատահած ամէնէն դժուար օրը կամ դէպքը, ի՞նչ կը յիշես այդ օրերուն մասին, ինչպէ՞ս  կրցար պատերազմական դաշտին մէջ ապահով մնալ:

Իմ հետս շատ դժուար երկու դէպք պատահեցաւ, որոնք կեանքիս մէջ չեմ մոռնար, երկու անգամ փրկուեցայ: Առաջինը կաղանդի օրն էր, 12 դեկտ. 2013-ին, 2014-ի առաջին օրը, մեր զօրքը «Թալ Հասէլ»ի մէջ «Օդային պաշտպանութեան ջոկատ»ը ազատագրած էր եւ մենք գացինք այդ տարածքը նկարելու, այդ ժամանակ Հալէպը պաշարուած էր, ուղղաթիռով դուրս կ'ելլէինք, հասանք օդակայան, հոնկէ զրահապատուած մեքենաներով հասանք այդ շրջան եւ լուսանկարեցինք տարածքը, երբ  հազիւ 400 մեթրի չափ հեռացանք մեր գլխաւոր կեդրոնէն, յանկարծ ծառերուն ետեւէն ահաբեկիչներ ելան եւ սկսան կրակել մեր վրայ: Բաւական դժուար էր պահը, ու Աստուծոյ օգնութեամբ փրկուեցայ: Մեր հետ եղող կարգ մը զինուորներ զոհուեցան, եղան նաեւ վիրաւորներ: Այս բոլորէն ետք վստահ եմ, որ այդ սեւ օրը Աստուած զիս փրկեց:

Երկրոդ դէպքը ասկէ 2 տարի առաջ էր, Ռաշիտինի շրջանին մէջ «Family House» մեծ ճաշարան-խաղավայր համալիրը կար, ուր ահաբեկիչները մտած էին եւ զօրքը գնաց որ ետ դարձնէ, մենք ալ հետերնին գացինք: Հազիւ ներս մտանք, ետ սկսան յարձակիլ անընդհատ հրասանդեր, կազի տակառներ կ'արձակէին մեր ուղղութեամբ, այնտեղ զօրքի տղոց հետ պաշարուած մնացի մէկ ու կէս ժամ, չկրցանք դուրս ելլել, վերջ ի վերջոյ արձակուած տակառներէն բեկոր մը ճակատիս եկաւ եւ վիրաւորուեցայ, դուրս չէինք կրնար գալ, ինչպէս ըսի պաշարուած էինք, բայց տեսայ, որ շատ արիւն կը կորսնցնեմ, գլուխս սկսաւ դառնալ, մտածեցի եթէ այստեղ պիտի մեռնիմ միեւնոյնն է, Աստուծոյ վստահիմ եւ փորձեմ վազելով դուրս ելլել, որովհետեւ յոյս չունէինք զրահապատ մեքենայով (BMB-ով) դուրս գալ, քանի որ վարորդը զոհուած էր եւ մէկը չկայ որ մեզի ետ դարձնէ: Նկատեցի, որ ամէն մէկ վայրկեան անգամ մը երկու տակառ կ'իյնայ, սպասեցի երկու տակառ իյնայ եւ սկսայ վազել, այդպիսոմ մօտ 1-1,5 քիլոմեթր վազելով հասայ միւս կողմը գտնուող զօրքին եւ արդէն ինծի հիւանդանոց հասցուցին: Այս երկու օրերը ամէնէն գէշ եւ ծանր օրերն էին պատերազմական լուսանկարչութեան օրերուս մէջ:

 

 

 

 

-Վստահ որ աշխատանքային շրջապատդ բնական է որ հիմնական արաբներ են, որպէս հայ ինչպէ՞ս կը վերաբերին քեզի հետ, ինչպէ՞ս կը գործակցիս իրենց հետ, ինչպէ՞ս են ձեր յարաբերութիւնները:

Ես ամէն ազգէ եւ դաւանանքէ ընկերներ ունիմ, որովհետեւ երբ կ'ըսեն Սուրիոյ մէջ համայնքային խտրականութիւն չկայ, իսկապէս չկայ: Ես շատ այլազգ ընկերներ ունիմ,  շատ քրիստոնեալ ընկերեր ալ ունիմ, վստահ հայ ընկերներ ալ ուիմ, ամէնքը նոյնն են ինծի համար, տարբերութիւն չկայ իրենց մէջ:

 

 

 

-Թուրքիան եւ  թրքական մամուլը  զայրացած էր քեզմէ: «Շանթ»  հեռուստակայանը     անդրադարձ  կատարեց   այդ մասին    ու «Արեւելք»ն ալ  արձագանգեց:Անկէ ետք բնաւ տեղեկութիւններ առի՞ր, նորութիւններ կա՞ն,  տակաւին քու անունդ կը շօշափուի իրենց լրատուականներուն, թրքական կայքերուն մէջ:

Այո Թուրքիան, մանաւանդ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բաւական նեղացաւ եւ զայրացաւ ինծմէ, իրենց սուտը մէջտեղ հանելուս համար, անկէ վերջ ես շատ չհետեւեցայ, ականջի ետեւ նետեցի, կը կարծեմ այլեւս բան մը չկայ: Այդ ժամանակ թուրքեր հետս խօսեցան, որ ինչու ասանկ սուտ լուրեր կը ղրկես եւայլն, ես կրցածիս չափ բացատրեցի իրենց եւ փաստեցի, որ սուտ լուրեր չեն, եղան թուրքեր որոնք հասկցան եւ համոզուեցան ըսածիս, նոյնիսկ ներողութիւն խնդրեցին, բայց շատեր ալ չհասկցան, ես այդ խելքս անոնց հետ չդրի, քանի անիմաստ է:

 

 

 

-Դուն «Շանթ» հեռուստաընկերութեան հետ խօսելով ըսած ես, որ դուն հպարտ ես սուրիական բանակով, մինչ այդ նաեւ կարծիք կայ, որ սուրիական բանակը սխալներ ալ գործեց Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին, ի՞նչ է կարծիքդ, ինչո՞ւ հպարտ ես , իսկապէս կը սիրե՞ս Սուրիոյ բանակը:

Այո, ես   մեր երկրի     զօրքով հպարտ եմ եւ շա՛տ հպարտ եմ, որովհետեւ կը կարծեմ մէկը չկայ, որ իր զօրքով հպարտ չըլլար: Ես հպարտ եմ, որովհետեւ մեր քաղաքի զօրքին մէջ կռուող զինուորները բոլորն ալ շատ բարի, պարկեշտ մարդիկ են, դրամի համար չեն եկած կռուելու, անոնք կը կռուին մեր քաղաքին համար, կը պաշտպանեն իրենց տուները, իրենց կիները եւ իրենց պատիւը, ինչո՞ւ հպարտ պիտի չըլլամ, անոնք ինծի կը պաշտպանեն, եթէ այս զօրքը չըլլար այսօր ես ապրած չէի ըլար կամ այսօր Սուրիոյ մէջ չէի ըլլար, փախած կ'ըլլայ, այս զօրքը ինծի փրկեց, ամէնուն փրկեց եւ ես ալ իրմով շատ հպարտ եմ:

Ինչ կը վերաբերի սխալ գործելուն, մեր զօրքը սխալ բան մը չըրաւ, այդ խօսակցութիւնները ամբողջ մետիայի խաղ են, ամէնը մէտիայի մէջ խօսեցան:  Այո, ճիշդ է, ես ալ այսօր եթէ մէկ ամիս Հալէպէն ելլեմ եւ դուրսէն արեւմտեան մետիան դիտեմ, կ'ըսեմ  «Հալէպը քանդուեր է, վերջացեր է, աս   վարչակարգը  վերջացեր է», բայց ես գետնի վրայ ամէն ինչ կը տեսնեմ, շատ ալ զօրաւոր ենք , զօրքն ալ շատ զօրաւոր է ու դէպի աւելի լաւը կ'երթաք: Մինչեւ հիմա դեռ մետիան սուտ նիւթեր կը պատրաստէ Ղութային մէջ, իբր թէ բանակը քիմիական զէնք կը գործածէ, ինչը սուտ է, որովհետւ եթէ իսկապէս մէկ հատ քիմիական եթէ զառնէ բոլորը կը մեռնին: Այս խաղերը բոլորս սորվեցանք, այլեւս ամէն ինչ յստակ դարձաւ, կը կրկնեմ՝ ես հպարտ եմ զօրքովս եւ մեր զօրքը Սուրիոյ   ողջ  պատերազմին  ընթացքին  սխալ բան մը չըրաւ: