image

Հալէպը կրնայ դիմափոխուիլ . Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան

Հալէպը կրնայ դիմափոխուիլ . Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան

«Արեւելք»ի hարցումներուն կը պատասխանէ երկար տարիներ Հալէպի մէջ հովուական առաքելութիւն կատարած Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը:  Հալէպի պատերազմին հետեւանքով պատուելին ընտանեկան  հանգամանքներու   բերումով      ստիպուած   եղած է հեռանալ մայր գաղութէն:

 


-Պատուելի, ո՞ւր կը գտնուիք ներկայիս եւ ի՞նչ առաքելութիւն կ'իրականացնէք:


-Ներկայիս կը գտնուիմ ընտանիքիս մօտ, Ֆրէզնոյի մէջ եւ յառաջիկայ ամիսներուն ալ պիտի գտնուիմ Լոս Անճելըս նահանգին մէջ, ուր քանի մը ամսուան ծառայութենէ ետք յստակ պիտի դառնայ իմ ծառայութեան վերջնական վայրը:

 

-Պատուելի, մամուլէն վերահասու դարձանք Ձեր մօր կորստեան մասին, որուն համար ալ դուք մեկնեցաք Քեսապ եւ մասնակցեցաք անոր թաղման արարողութեան, ձեւով մը Ձեր որդիական պարտքը կատարեցիք: Ի՞նչ կ'ըսէք Քեսապի մասին, ինչպէ՞ս գտաք  Քեսապը:


-Ես 2016-ի սկիզբը ձգեցի Հալէպը: Հալէպի մէջ ուր որ կը ծառայէի, այսինքն՝  Էմանուէլ եկեղեցին արդէն փուլ եկած էր, անկէ ետք ես երկու տարի ծառայեցի Գանատայի Հայ Աւետարանական համայնքի տարբեր եկեղեցիներուն մէջ: Անշուշտ այս ամբողջ ընթացքին յաճախակի կապ կար ե՛ւ Լաթաքիոյ ե՛ւ Քեսապի հետ:

Անշուշտ չենք կրնար ըսել, որ Քեսապը կամ Լաթաքիան այսօր նման են առաջուայ իրավիճակին, մասնաւորապէս 2014-էն առաջ, եւ 2014-էն ետք տարբեր նոր իրավիճակ մը կը տիրէ այդ շրջաններուն մէջ: Ձեւով մը երեք հանգրուններու կրնանք բաժնել այդ քաղաքներու ընդհանուր վիճակը՝ 2014-էն առաջ, որ գիտենք բոլորս համեմատաբար բնական վիճակ մը ունէր Քեսապը, 2014-էն ետք, երբ քաղաքը կացինահարուեցաւ ձեւով մը եւ՝ այդ փուլէն ետք մինչեւ օրերս երկարող շրջանը, որ պէտք է համարել Քեսապի վերականգնման ընդհանուր շրջան մը:

Այս վերջին փուլը անշուշտ կը նշանաւորուէր այն հայրենակիցներու վերադարձով, որոնք այդ դաժան դէպքերուն պատճառով ստիպուած էին Քեսապէն հեռանալ:

Անշուշտ այս բոլորը կ'ըսենք, սակայն նաեւ պէտք է նկատել տալ, որ յատկապէս ներկայ փուլին անհնար է որ Քեսապ իր նախկին փառքի օրերը ունենայ, եթէ հաշուի առնենք, որ Սուրիան տակաւին կը համարուի  պատերազմի մէջ եղող երկիր մը:

 

-Պատուելի, ինչպէս վերի նշեցինք, Քեսապ այցելեցիք, արդեօք խաղաղութեան վերահաստատման յոյսը երբեւէ նկատեցի՞ք:


-Կախեալ է թէ ինչ կ'ուզենք հասկնալ «խաղաղութեան վերահաստատում»  բառակապակցութենէն, եթէ կ'անկալենք որ Քեսապը վերադառնայ 2011 թուականէն առաջ եղած շրջանին, ապա իմ կարծիքով առնուազն անհնար է այս օրերուն այդ մէկը ակնկալել կամ սպասել, պէտք է նաեւ ըսել, որ այսօր նոր շրջան մըն է եւ մեզմէ ոչ ոք , նոյնիսկ հոն ապրողները, չեն կրնար կռահել թէ ինչ տեսակի հանգրուան մը կը թեւակոխէ  Սուրիան  ու   նաեւ իմ  ծննդավայր Քեսապը:

 

-Պատուելի, անշուշտ բաւական շփումներ ունեցաք Քեսապի Ձեր հայրենակիցներուն, ազգական-բարեկամներուն հետ, ի՞նչ նկատեցիք անոնց մօտ, ի՞նչ կրնաք ըսել:


-Մէկէ աւելի երես ունի ձեր հարցումը եւ գլխաւորաբար պէտք է ըսեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք հողեր, տարածքներ, կալուածներ կամ բնակարաններ ունին, կը շարունակեն կառչած մնալ Քեսապին: Այս մօտեցումէն զատ անշուշտ բոլոր քեսապցիներու մտքին մէջ կը շարունակէ հարցական մնալ, թէ արդեօք թուրքը ձեռնածալ եւ «խելօք» պիտի մնայ, թէ՞ շատ հաւանական է, որ Քեսապի մէջ դարձեալ խլրտումներ տեղի ունենան եւ դարձեալ ապահովական վտանգներ սպառնայ Քեսապին:

 

-Այսինքն ներկայիս Քեսապի մէջ այդ մտավախութիւնները կա՞ն, զգացի՞ք դուք այդ մէկը:


-Այդ վախը, իմ տեսածով եւ իմ լսածով, անշուշտ կապ ունի միջազգային քաղաքական զարգացումներուն հետ, ցեղասպանութենէն ետք 100 տարի մենք հոն ապրեցանք եւ թուրքը դրացի էր մեզի եւ ի՞նչ պատահեցաւ 100 տարի ետք եւ ի՞նչ է տուեալը կամ հաւաստիքը, որ նման դէպքեր դարձեալ չպատահին Քեսապի մէջ: Կրնայ պատահիլ եւ կրնայ չպատահիլ, բայց փորձուածը փորձելը յիմարութիւն է: Անշուշտ Քեսապի պարագային շատ բան կը փոխուի եւ շատ բան կը յստականայ, եթէ Սուրիան դուրս գայ պատերազմական վիճակէն եւ դառնայ խաղաղ, կայուն երկիր մը:

 

-Քեսապէն անցնինք Հալէպ: նական է, որ կապեր կ'ունենաք Հալէպի հետ, մենք որպէս լրատուական ծառայութիւն կը փորձենք առաւելագոյնս առարկայական գտնուիլ եւ անկեղծ ըլլալ մեր ընթերցողներուն հետ: Կը լսենք նաեւ, որ շատ է թիւը անոնց, որոնք կը փափաքին մեկնիլ Հալէպէն, ինչքանո՞վ ճիշդ է այս տուեալը, ինչպէս նաեւ գիտենք քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք մասնաւորապէս Գանատա հաստատուած են պատերազմէն հեռանալու մտադրութեամբ, ի՞նչ կ'ըսէք այդ մասին:

 

-Ինչպէս դուք ըսիք, բաւական մեծ թիւով հայորդիներ Գանատա հասան եւ հոն հաստատուեցան, շատ յաճախ մեր եկեղեցւոյ անդամներ մեծ հոգատարութեամբ նոյնիսկ օդակայան կ'երթային, կը դիմաւորէին մեր հայրենակիցները, իրենց յաճախ եկեղեցիին մէջ կը պահէին, տուներու մէջ կը պահէին, այսպէս բոլորը համագործակցեցան, որպէսզի գաղթականի իրավիճակ ունեցող մեր հալէպահայ եղբայրները եւ քոյրերը համեմատաբատ ընդունելի, տանելի պայմաններ ունենան: Այսօր կրնամ վստահօրէն ըսել, որ բոլոր անոնք, որոնք Գանատա են կրցան կարճ ժամանակի մէջ ոտքի կանգնիլ եւ իրենց կեանքը ձեւով մը դասաւորել եւ կարգի բերել:

Իսկ գալով Հալէպի մասին յստակ տուեալներ տալուն, աւելի ճիշդ կ'ըլլայ Հալէպ կապուիլ եւ այն տուեալները ստանալ, սակայն յստակ է, որ յատկապէս վերջին տարիներուն հալէպահայ շրջանակներուն մէջ սկսաւ գործել սեփական անձը փրկելու, այդ պատերազմէն դուրս բերելու մօտեցումը եւ մարդիկ սկսան չլսել իրենց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ մշակել իրենց անձնական ծրագիրները եւ նոյնիսկ առանց ոչ ոքի ըսելու մեկնիլ, հեռանալ Հալէպէն ու ատոր դիմաց մեզմէ շատեր լսողաց կը դառնային, որ այս ինչ ընտանիքը կամ այն ինչ ընտանիքը հեռացած է Հալէպէն եւ հասած է հեռաւոր ափեր:

Նոյնը պատահեցաւ երբ Պէյրութի մէջ էի եւ ականատես եղայ թէ ինչպէս հալէպահայ ընտանիքները կը հեռանան, շատերը Ֆրանսա կ'երթան, Գանատա կ'երթան, Աւստրալիաա եւ տարբեր տեղեր կ'երթան եւ այդ մէկը կը կատարեն առանց բարձրաձայնելու բնականաբար, եւ ցաւ ի սիրտ կ'ուզեմ նաեւ ըսել, որ այս երկիրները այլընտրանք չեն եւ լուծում մը չեն մեր համայնքի զաւակներուն համար:

 

-Ի՞նչ առումով լուծում մը չեն, ի՞նչ ըսել կ'ուզէք:


-Ըսել կ'ուզեմ, որ եթէ հայկական եւ քրիստոնէական պրիսմակով պիտի նայինք եւ անոնց ապագային մասին մտածենք, ապա յստակ է, որ այս երկիրները հայերուս համար լուծում մը չեն, հայուն համար միակ լուծումը, միակ վայրը բնականաբար Հայաստանն է եւ հողն է, որ հայ կը պահէ:

Ատկէ դուրս՝ ուշ կամ կանուխ, որոշ ժամանակ մը ետք պիտի ձուլուին եւ այս մէկը գաղտնիք չէ, բոլորս գիտենք այս  մասին, այդ իմաստով է որ կ'ըսեմ լուծումը Հայաստանն է, բայց թէ ինչո՞ւ Հայաստան չեն երթար, այդ մէկը բոլորովին այլ թեմայ է, կ'արժէ այդ մասին ալ այլ առիթով խօսիլ:

 

-Պատուելի, իսկ անոնք, որոնք Գանատա հասած են կամ հաստատուած են որպէս գաղթական, պատերազմէն խոյս տուած մարդիկ, հնարաւորութիւն կա՞յ որ անոնք դարձեալ Հալէպ վերադառնան:


-Նայեցէք, պէտք է իրապաշտ ըլլանք եւ նկատի առնենք, որ բոլոր անոնք, որոնք աշակերտներ ունին, ուսանող ունին, անոնք արդէն որոշ «սիսթեմի» մը վարժուեցան եւ տրամաբանական չէ, որ անոնք ձգեն այդ երկիրները եւ դարձեալ Սուրիա վերադառնան:

 

-Իսկ եթէ, ինչպէս դուք նշեցիք,  Հաէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններէն մեր հայութիւնը հեռանայ առանց աղմուկի, առանց ձայնը հանելու, ապա ինչ հետեւանք կրնայ ունենալ, պատկերաւոր ըսած, այդ մարդագրական արիւնահոսութիւնը:


-Բոլորս գիտենք, որ Հալէպը ինչ պատմական դեր ունեցած է,  երկար տարիներով Հալէպը եղած է սփիւռքին ղեկավարութիւն հայթայթող գաղութ, ինչին համար ալ կոչուած է Մայր գաղութ, հիմա այսօր Հալէպը նոր իրավիճակ մը կը պարզէ, այլեւս առաջուան Հալէպը չկայ եւ եթէ մօտիկ անցեալին հետ համեմատական մը դնենք, տխուր պատկեր մը պիտի ստանանք: Թէ ապագային ինչ կրնայ պատահիլ Հալէպի հետ, դժուար է այդ հարցին պատասխանելը, սակայն յստակ է, որ Հալէպը իր առաջուան դերակատարութեան մէջ տարբեր հանգամանքներու եւ տուեալներու   բերումով    կրնայ դիմափոխուիլ:

 

-Պատուելի, դուք շփումներ ունեցաք տարբեր գաղութներու մէջ ապրող հայերու հետ, արդեօք տարբերութիւններ կա՞ն  սուրիահայերու, մասնաւորապէս հալէպահայերու եւ տարբեր գաղութներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն միջեւ, բնաւ տարբերութիւն մը զգացի՞ք, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:


-Սուրիահայերուն  մէջ ունիս  ջերմութիւն, ունիս ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւն որոշ չափով, ունիս քրիստոնէական սկսզբունքներու հիմեր եւ որքան այդ կապերը կտրուին, սկսիս ընդհանուր համաշխարհայնացումի ուղղութեան մէջ, արեւմտեան աշխարհին մէջ երթալ, ուր շատ յստակ կը տիրէ անձնասիրութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, սկզբունքները այլեւս չեն մնար՝ ո՛չ ազգային, ո՛չ քրիտոնէական, ո՛չ հաւատքի իմաստով, ո՛չ ընտանեկան իմաստով, անշուշտ ընդհանրապէս կ'ըսեմ, բացառութիւնները միշտ յարգուած են եւ յարգելի են: Այս վիճակներուն մէջ տարբեր տեսակի մարտահրաւէր կայ, պահելու հայը, պահելու քրիստոնէական հաւատքը, պահելու այնպիսի ուղղութեամբ մը, ուր կառչած մնան մեր պապերուն հաւատքին եւ կառչած մնանք մեր նահատակներու սրբազան կտակին, հետեւաբար չենք կրնար այս կէտերուն մէջ թերանալ եւ կրցածնուս չափ այս դաստիարակութիւնը պիտի տանք, բայց նաեւ իրապաշտ ըլլալով, թէ մենք այսօր 21-րդ այս դարուն մէջ, ուր բաց է ամբողջ աշխարհը իրարու, հոսանքը զօրաւոր եւ վտանգաւոր է, բայց որքան կրնանք մենք ջանք թափել շարունակելու համար մեր երթը, մենք բնաւ յուսահատելու իրաւունք չունինք, մենք ունինք ուռոյն բաներ, որոնք պէտք է պահենք, որովհետեւ վերջապէս Աստուած մեզ ստեղծած է հայ եւ մենք կանչուած ենք հաւատարիմ մնալու Աստուծոյ ստեղծած ազգին եւ չենք կրնար դաւաճանել ո՛չ Աստուծոյ, ո՛չ ալ Աստուծոյ ստեղծած ազգին: