image

Հալէպի տղաքը պատրաստ էին ամէն կերպ օգնութեան հասնիլ. Երեւան հաստատուած երիտասարդ

Հալէպի  տղաքը   պատրաստ  էին   ամէն    կերպ օգնութեան հասնիլ. Երեւան հաստատուած  երիտասարդ

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է վերջին շրջանին Հալէպէն Երեւան տեղափոխուած սուրիահայ Վրէժ Կիւլաղայեանը:

- Պրն. Կիւլաղայեան, գիտենք որ դուք միայն վերջերս Հայաստան  հաստատուեցաք:    Ապրեցաք  Հալէպեան  պատերազմին  ամենադաժան օրերը ու անկէ ետք է միայն, որ որոշեցիք Հալէպէն հեռանալ: Ինչպէ՞ս  բացատրել ձեր առած եւ «ուշացած»  քայլը:

 

-Ես, առաջին հերթին համոզուած ըլլալով քաղաքի պայմաններուն, որպէս նոր կեանք մտնող երիտասարդ, պայմաններ ստեղծած էի, կեանքս այնտեղ նոր դասաւորած էի, տարիներու ընթացքին տուն ստեղծած էի, վարսաւիրանոց բացած էի եւ անձնական ընտանիքս կազմելու շեմին էի, այսինքն նշանուած էի, հետեւաբար դիւրին չէր այդքան շուտ ամէն ինչ ձգել, տարիներու կառուցածիս վրայ խաչ քաշել եւ հեռանալ,  դուրս գալ քաղաքէն:

 

-Գիտենք որ դուք Հալէպի մէջ սափրիչ եղած էք: Բնականաբար, ինչպէս միշտ ալ կը խօսուէր այդ մասին, պատերազմէն ետք քաղաքին մէջ աշխատանքները վատացան, ինչպէ՞ս կրցաք յաղթահարել այդ դժուարութիւնները եւ ձեր կեանքը գոյատեւել:

 

-Ես, նախքան սափրիչ աշխատիլս, պապենական արհեստ ունէի՝ ոսկերչութիւնը եւ արծաթագործութիւնը: Այս պայմաններուն ետ իմ արհեստիս վերադարձայ եւ երկու աշխատանքներս մէկտեղելով փորձեցի կրցածիս չափ դժուար պայմանները յաղթահարել: Շաբթուան հինգ օրը ոսկերչութիւն կ'ընէի, իսկ շաբաթ, կիրակի օրերը իմ վարսաւիրանոցիս մէջ կ'աշխատէի, բոլոր յաճախորդներուս  այդ երկու օրերուն մէջ կը ժամադրէի:

 

- Գիտենք որ դուք այժմ Երեւանի մէջ նոյն ձեր մասնագիտութեամբ կը զբաղուիք:   Ցանկացած մարդու համար դժուար է երկիր փոխելը, ուր մնաց, եթէ անձը  պատերազմի հետեւանքով է, որ կը տեղափոխուի: Այս առումով ալ ի՞նչ   դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք ներկայիս:

 

-Մշտապէս համոզուած ըլլալով, որ հայու մը տեղը իր հայրենիքն է, միշտ ալ մտքիս մէկ ծայրը ուրուագծուած էր Հայաստան փոխադրուելու գաղափարը եւ համոզուած էի, որ այս պատահածը կարծես առիթ էր, որ իրականացնէի ատ նպատակս: Ունենալով ընտանիք, տիկինս ալ ինծի քաջալերեց եւ որոշեցի հայրենիք գալ այն նպատակով, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, պիտի պայքարիմ ու Երեւան հաստատուիմ, նոյնիսկ եթէ իմ արհեստով չկարենամ աշխատիլ, եկամուտ հայթայթել ու ուրիշ գործերու դիմեմ, ինչպէս շատ սուրիահայեր, որոնք արդէն այդ ձեւով կ'ապրին: Հիմնական դժուարութիւնը որ ունինք, ինչպէս բոլորի պարագային, նորէն զէրոյէն սկսիլն է, Հալէպ բնակարան ունէինք, իսկ հոս՝ ոչ, գործատեղ ունէինք, իսկ հոս՝ ոչ:

 

-Այժմ ձեր գործը Երեւան տեղափոխելով, էական տարբերութիւն կը զգա՞ք երկու շուկաներու միջեւ՝ գործի աշխուժութեան, եկամուտի բաւարարուածութեան կամ նոյնիսկ յաճախորդներու ճաշակի եւ նորաձեւութիւններու հետեւելու առումով: Եթէ ընդհանուր համեմատական մը ուզէք ընել, ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:

 

-Իրականութեան մէջ տարբերութիւնը շատ մեծ է, որովհետեւ Երեւան նոյն վարսաւիրանոցին մէջ կանացի եւ տղամարդու մատուցուող ծառայութիւն կայ, այս մէկը շատ կը փոխէ գործի սկզբունքները եւ Երեւանի մէջ ձերբազատուած ենք այդ իսլամական ազդեցութեան ձգած մտայնութենէն, իբր ոճ: Այստեղ կան նորաձեւութիւններ, որոնց երեւանցիներու  որոշ  խաւ  մը կը հետեւի միայն եւ անոնք պատրաստ են իրենց սովոր չեղած, վարսավիրին առաջարկած ոճը փորձելու: Անշուշտ խաւ մըն ալ կայ, որ այդքան բաց չէ փոփոխութիւններու, բայց ատ ալ կամաց-կամաց արդէն սկսած է փոխուիլ, անոնք, տեսնելով իրենցմէ առաջ հերթագրուած յաճախորդներուն  նորաոճ սանրուածքները, կը սկսին իրենք ալ այդ ոճերը փորձել ուզել: Կը կարծեմ որ բոլոր բնագաւառներէն ներս դէպի առաջ պիտի երթայ Հայաստանը, քանի որ երկիրը երիտասարդ երկիր է ու շատ արագ զարգացում ձեռք կը բերէ:

 

-Գիտենք որ դուք պատերազմական թէժ օրերուն, Հալէպի մէջ որպէս կամաւոր հայկական թաղամասերու պահակութեան գործին մասնակցած էք: Ի՞նչ կրնաք պատմել այդ փորձառութեան մասին: Մեր հայ տղաքը ինչքանո՞վ պատրաստ էին զէնք շալկելով պահակութիւն ընելու եւ ինչքանո՞վ իրական էր անհրաժեշտութեան պարագային այդ զէնքը օգտագործելու  համար տրուած արտօնութիւնը: Ուղղակի բախումի մէջ գտնուած էք: Պատմեցէ՛ք խնդրեմ այդ մասին:

 

-Պատերազմը  ծանր  փորձառութիւն  էր բոլորիս համար: Բայց կրնամ ձեզ վստահեցնել, որ իմ նման շատ տղաք կային, որոնք ծառայեցին՝ այն նպատակով, որ մեր հայ եկեղեցին, մեր ազգային պատսպարանը, որ այդ օրերուն տեղափոխուած էր Սիս շէնքը ու մնացած հայկական շրջանները պաշտպանեն ամէն տեսակ վտանգէ: Կրնամ ըսել, որ այդ շարժումը հայաբնակ շրջաններու ժողովուրդին համար շատ կարեւոր էր, անոնց ուժ կը ներշնչէր, տեսնելով, որ իրենց համար փողոցները հսկողը իրենց ծանօթ, ազգակից տղաք են, որոնք  զէնք վերցնելով փողոցը կը հսկեն: Մեր տղաքը պատրաստ էին ոեւէ դժուար դէպքի պարագային, կամաւոր կերպով օգնութեան հասնիլ, միշտ պատրաստ էին օժանդակել ժողովուրդին, միայն այսքանը ըսելով կ'ուզեմ բաւարարուիլ:

 

-Ինչպէս նշեցիք, դուք մօտ երկու տարի առաջ ընտանիք կազմած էք եւ ձեր առաջնեկը հայրենիքի մէջ ծնած է: Որպէս նորակազմ ընտանիք, ո՞ւր կը տեսնէք ձեր ապագան: Հայրենիք մնալու դժուարութիւնները ինչով պայմանաւորուած են, յաղթահարելի՞ դժուարութիւններ են անոնք ձեր կարծիքով, ինչպէ՞ս:

 

-Այո, երբ Երեւան հաստատուեցանք եւ մի քանի ամիս անց իմ աղջիկս՝ Գառնիս ծնաւ,  ես աւելի ամուր ձեւով կապուեցայ այս երկրին ու այդ հիման վրայ ալ աղջիկս կոչեցի հայկական անունով՝ Գառնի:

Իրօք տարբեր զգացում է, երբ երկիրը ամբողջովին քու կողքիդ զգաս, ես, որպէս նոր հայրենադարձ, օտարի հանդէպ եղած վերաբերմունք չտեսայ հայրենիքի մէջ եւ այդ իսկ պատճառով աւելի համոզուեցայ, որ հայու մը տեղը իր հայրենիքն է:

Կ'ուզեմ որ այստեղ մնանք, հայրենիքի մէջ հաստատուինք, դժուար պայմանները կան, բայց երկրագունդի բոլոր երկիրներուն մէջ կան այդ դժուարութիւնները, հոս գոնէ ես իմ հայրենիքիս մէջ պատրաստ եմ դիմագրաւել ու յաղթահարել այդ դժուար պայմանները ու հանգիստ մտքով ապրիլ, որ աղջիկս իր մայրենի լեզուն խօսելով ոչ մէկ խոչընդոտ պիտի ունենայ ու պիտի մեծնայ հայ, այդ հայրենիքի հանդէպ կարօտը, որ մենք որպէս սփիւռքահայ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին կրեցինք, ինքն ալ պիտի չստիպուի կրել իր սրտին մէջ:

 

-Ներկայիս ձեր ծնողները Հալէպ են: Ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուին ձեր տունը, խանութը: Հալէպ վերադարձի մասին երբեւէ միտքեր կ'ունենա՞ք: Ի՞նչ է Ձեզի համար Հալէպը:


-Հալէպը իմ ծննդավայրս է, նախքան պատերազմը մեր այնտեղ ունեցած անհոգ, հանգիստ կեանքը  ոչ մէկ երկրի հետ կարելի չէ համեմատել: Բայց դժբախտաբար այդ պայմանները այլեւս չկան եւ դժուար որ վերադառնան: Ծնողներս  հոն են մինչեւ հիմա եւ կը փորձեն շուտով մեզի միանալ, քանի որ իրենք ալ իրենց անցեալի կեանքը, մթնոլորտը չեն գտներ Հալէպի մէջ: Յուսամ շուտով կը միանան մեզի:

Հալէպը կ'ուզեմ միայն իր լաւ անցեալովը յիշել, օր մը օրանց եթէ պայմանները բարելաւուին կը փափաքիմ այցելել, բայց հաստատուիլ՝ ոչ: