image
Հրատապ լուրեր:

14-Ամեայ Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան Զոհուած Է Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին

14-Ամեայ   Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան Զոհուած Է  Սուրիա-Թուրքիա  Սահմանին

Սուրիա-Թուրքիա  սահմանային գիծին   մօտ 14- ամեայ  հայ պատանի մը զոհուած է: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Գամիշլիի իր աղբիւրներէն:   Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան, որ իր ծնողներուն հետ  ցամաքային   ճանապարհը հատելով կը փորձէր Թուրքիա  մուտք գործել, զոհուած է  կրակոցի  արդիւնքին:  Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ դէպքը   տեղի ունեցած է սահմանային   Ամուտա    անցքին  մօտակայքը,  սակայն  այս տեղեկութիւնը նախնական է:    Դէպքին  մասին   յաւելեալ մանրամասնութիւններ     պիտի փոխանցենք յառաջիկային: