Սուրիա-Տէր Զօրի վերջին 25 հայ ընտանիքները անցնող ամիսներուն հեռացած են շրջանէն: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Գամիշլիի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Տէր Զօր բնակող մեր հայրենակիցներուն մեծ մասը հաստատուած է Հալէպ, Գամիշլի եւ Լաթաքիա: Ըստ մեր աղբիւրին, հայերու պատկանող բոլոր բնակարանները եւ խանութները կողոպտուած են եւ շրջանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցին, որ ականահարուած էր տարի մը առաջ, կը գտնուի քանդուած վիճակի մը մէջ: Նշենք, որ 1,5 տարիէ մը ի վեր Տէր Զօր յայտնուած է «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ: