image

Անկարելի է, որ ուրանանք, մենք Հալէպի հացը կերած ենք. Ռոզէթ Նազարեան

Անկարելի է, որ  ուրանանք, մենք Հալէպի հացը կերած ենք. Ռոզէթ Նազարեան

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է Ս.Օ.Խ. Սեւան Մասնաճիւղի նախկին ատենապետ հալէպահայ Տիկ. Ռոզէթ Թիւթիւնճեան Նազարեանը:


-Վերջերս տարբեր առիթներով զրուցած ենք Հալէպ ապրող մեր հայրենակիցներուն հետ, անոնք խօսելով Հալէպի իրավիճակի մասին գլխաւոր մտահոգութիւն համարած են Հալէպի մէջ ապրուստ ապահովելու խնդիրը: Ինչքանո՞վ ճիշդ է այս մօտեցումը եւ այսօր Հալէպի մէջ ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ, ի՞նչ  կը կատարուի:

Հալէպի իրավիճակը ներկայիս շատ աւելի լաւ է, համեմատած անցեալ  վեց տարիներուն: Ժողովուրդը  հանգիստ իր աշխատանքին կ'երթայ, Հալէպի վերականգնումը սկսած է արդէն, մեր վարժարանները , եկեղեցիները կը վերանորոգուին, քանդուած խանութները, տուները բոլորը կը նորոգուին եւ ամէն մարդ սկսած է  իր աշխատանքին դառնալ, կրնամ ըսել, որ նոր կեանք սկսած է Հալէպի մէջ: 

Ինչ կը վերաբերի ապրուստ ապահովելու խնդրին, ըսեմ, որ ան որ կ'աշխատի շատ հանգիստ իր ապրուստը կ'ապահովէ, իմ նման կիները նոյնպէս աշխատանքի լծուած են. իմ ասպարէզիս մէջ մօտաւորապէս 30 հայ կին կայ, որ յաճախ ցուցահանդէսներու կը մասնացկին եւ  օգտակար կը դառնան իրենց ընտանիքին:

 

-Դուք անձնական փորձով մը ցոյց տուած եղաք, որ հնարաւոր է կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ստեղծել յատուկ աշխատանք եւ այդ աշխատանքով ալ պահել ձեր ընտանիքը եւ հոգալ օրուայ պէտքերը, ի՞նչ փորձառութիւն էր ձեր ապրածը, ի՞նչ կրնաք ըսել մեր ընթերցողներուն:

Ես 2010-էն արդէն ձեռային աշխատանքով զարդեր կը պատրաստէի, բայց ոչ թէ որպէս գործ, այլ՝ զբաղում, երբ պատերազմը սկսաւ, մտածեցինք 15 օրով պտոյտի երթալ Հայաստան, մինչեւ վիճակը հանդարտի, սակայն այդ ընթացքին օդակայանը փակուեցաւ եւ մենք չկրցանք վերադառնալ Հալէպ: Հայաստան մնալով, մի քանի ամիս ետք արդէն բոլորս ստիպուեցանք աշխատիլ, եւ քանի որ իմ ձեռքս արդէն արհեստ կար,  սկսայ ձեռային զարդեր գործել, սակայն ոչ թէ զբաղումի համար, այլ՝ օրուայ ապրուստը ապահովելու : Հայաստանի մէջ զանազան ցուցահանդէսներու մասնակցեցայ, ոչ մէկ առիթ բաց կը թողէի, որովհետեւ  օրուայ ապրուստ ապահովելը շատ դժուար էր մեզի համար հայրենիքի մէջ, եւ կրնամ ըսել որ հայրենիքը աշխատանքի գետնի վրայ ինծի շատ զօրացուց: 2015-ին ընտանեօք յարմար նկատեցինք Հալէպ վերադառնալ,  ճիշդ է մեր տան մօտ միշտ հրթիռներ կ'իյնային, սակայն չէինք յուսահատեր, ետ կը նորոգէինք, ամուսինս ու տղաս ալ ետ իրենց գործին սկսան, բարեբախտաբար մեր խանութը չէր վնասուած:

Հալէպի մէջ ես շարունակեցի Հայաստան սկսած իմ աշխատանքս, յաճախ ցուցահանդէսներու մասնակցեցայ եւ մեծ յաջողութիւն կրցայ ունենայ, զգացի որ իսկապէս ես կրնամ աշխատիլ եւ օգտակար դառնալ: Անցեալ տարի օգոստոսին, երբ Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէսին  մասնակցեցայ եւ բախտը ունեցանք հիւընկալուելու Սուրիոյ առաջին տիկնոջ՝ Ասմաա Ասատի կողմէ, այդ օրը ես որոշում առի, որ այլեւս պէտք է իմ անձնական գործը ունենամ, եւ այդ ուղղութեամբ սկսայ աշխատիլ, կրկնապատկեցի  գործս եւ այսօր մէկ ու կէս ամիս է, որ ես բացած եմ իմ խանութս: Այս յաջողութեանս մէջ ինծի շատ օգնեց ամուսինիս, հարազատներուս, ընկերներուս քաջալերանքը, այսօր արդէ հանգիստ կ'աշխատիմ, ունիմ իմ յաճախորդներս, նոր շրջապատ եւայլն, եւ այսպիսով նոյնիսկ եթէ ընտանիքիս ապրուստը չեմ ապահովեր, գոնէ իմ ծախսերս կը հոգամ եւ բեռ չեմ իմ ամուսինիս ու զաւակներուս վրան, ինչը ինծի համար մեծ հաճոյք եւ մեծ ուրախութիւն է: 

 

-Գալով Հալէպի ապագային, ի՞նչ մօտեցումներ ունիք, ի՞նչպիսի ապագայ կրնայ սպասել հայկական Հալէպին, յատկապէս որ վերջին շրջանին շատ կը խօսուի այն մասին, որ հայութեան թիւը նօսրացած է եւ գաղութը առաջուան թուային պատկերը չունի:

Ես յոյսով եմ, որ Հալէպը  շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, այո յաճախ կ'ըսուի, որ հայութեան թիւը նօսրացած է, սակայն պէտք չէ հաւատալ այդ խօսքերուն, Հալէպը միշտ աշխուժ է: Վստահ եմ որ Հալէպի ապագայի մասին յոռետես արտայայտութիւններ ընողները եթէ Հալէպ գան եւ մէկ ձեռնարկի մը ներկայ ըլլան, պիտի տեսնեն, որ իրապէս Հալէպի մէջ կեանք կայ: Մենք այստեղ շատ հանգիստ ենք, ոչ ոք մեզի նեղութիւն կու տայ, ես իմ գործիս բերումով ամէն տեսակ մարդոց հետ շփում ունեցայ, հաւատացէ՛ք որ բոլորն ալ մեզի շատ կը յարգեն եւ մենք իբր հայ շատ յարգուած եւ սիրուած ենք տեղացի արաբ ժողովուրդին կողմէն:

Անշուշտ մենք հայրենիք ունինք, ատոր կարօտն ալ կը զգանք , բայց Հալէպը մեր ծննդավայրն է, մենք Հալէպ ապրած ենք, Հալէպի հացը կերած ենք: Յուսամ եկող օրերը աւելի լաւ կ'ըլլան եւ բոլոր անոնք, որոնք օտար ափեր գացին, իրենց տուները կը դառնան: