image

Լիբանանեան Թրիփոլիի մէջ բախումներ. կայ մէկ զոհ եւ 6 վիրաւոր (Տեսանիւթ)

Լիբանանեան Թրիփոլիի մէջ բախումներ. կայ մէկ զոհ եւ 6 վիրաւոր (Տեսանիւթ)

Լիբանանեան Թրիփոլի քաղաքին մէջ դասալիք զօրակոչիկ Ճիհատ Ալ Պալթաճիի ձերբակալման ուղղութեամբ ձեռնարկուած գործողութիւններու ընթացքին զինեալ բախման հետեւանքով 1 զինուոր սպաննուած եւ 6 այլք վիրաւորուած են:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, բանակի անդամները նախ շրջափակած են Ճիհատի գտնուած շէնքը, ուր վերջինիս միացած են նաեւ իր ծանօթներէն մէկ քանին ու սկսած են ռումբեր նետել բանակի անդամներու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով ծայր առած է զինեալ բախումը:

Ճիհատի ծանօթներէն մին՝ Մուհամմէտ Ք. ձերբակալուած եւ յանձնուած է իրաւապահ մարմիններուն, մինչդեռ միւսերն իրենց գտնուած շէնքին մէջ շրջափակուած են իրաւապահ մարմիններու կողմէ, որոնք կոչ կ'ուղղեն անոնց դուրս գալու եւ յանձնուելու: