image

Ռուս-իրանեան յարաբերութիւնները անդունդի եզրին են.Lebanon 24

Ռուս-իրանեան յարաբերութիւնները անդունդի եզրին են.Lebanon 24

Սուրիոյ մէջ դէպքերու արագ զարգացումը առիթ կը ստեղծէ, որ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմերէն իւրաքանչիւրը ճգնաժամի լուծման իր տարբերակը մշակէ, որ եւ շատ անգամ կը հակասէ միւս կողմերու շահերուն եւ պատկերացումներուն:

Իրան, որ կը ձգտի իր ուժերը առաւել մեծ մակարդակով տարածել սուրիական հողերուն վրայ, կը խանգարէ ռուսական կողմի հեռանկարները, որ իր հերթին կը միտի սահմանափակել իրանեան ուժերու ներկայութիւնը:

Իր հերթին Իրան օրերս քննադատութեան ենթարկած է Ռուսիան, մեղադրելով վերջինս Իրանի դէմ ուղղուած իսրայէլեան հարուածներուն նպաստելու, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի հետ վերջերս համաձայնութիւններ կնքելու մէջ:

«Lebanon 24» լրատուական կայքը, վկայակոչելով Սուրիոյ ընդդիմադիր աղբիւրներու յայտարարութիւնները, նշած է, որ Թեհրան երկար ժամանակ ձգտած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ դաշինք կազմել, սուրիական հողերէն բաժին ստանալու միտումով, սակայն հիասթափութիւնն առաջ եկաւ այն բանէն ետք, երբ Թուրքիա ԱՄՆ-ի հետ շարք մը գաղտնի համաձայնութիւններ կնքեց: