image

Լիբանան տնտեսական լուրջ ճգնաժամի շեմին

Լիբանան տնտեսական լուրջ ճգնաժամի շեմին

«Lebanon 24» լրատուական կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Լիբանանին սպառնացող տնտեսական ճգնաժամին եւ քաղաքական գործիչներու անտարբերութեան:

Կայքը վկայակոչած է Պէյրութի մէջ գործունէութիւն ծաւալող եւրոպացի դիւանագէտի մը կարծիքն այն մասին, որ թէեւ «Cedre 1» համագումարի ժամանակ Լիբանանին տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրելու մասին նախագիծ մշակուեցաւ, սակայն նախագիծին զուգահեռ պարտադրուեցաւ Լիբանանի հարկային համակարգը վերամշակել ու արդիականացնել, ինչպէս նաեւ պայքարիլ կաշառակերութեան դէմ:

Դիւանագէտը դիտել տուած է, որ տնտեսական ճգնաժամի շեմին լիբանանեան դրամատուները շարք մը միջոցներ սկսան ձեռնարկել, իրենք զիրենք անկումէ ապահովելու նպատակով, որոնցմէ է լիբանանեան լիրայով ի պահ դրուած աւանդները սառեցնելու դիմաց տարեկան 10-15 առ հարիւրի հասնող տոկոս առաջարկել: