image

Իրանեան ուժեր պիտի քաշուի՞ն Սուրիայէն

Իրանեան ուժեր պիտի քաշուի՞ն Սուրիայէն

Ռուսական «Կազեթա» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր կը նշէ, թէ Ռուսիա ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հետ համակարծիք է, Կոլանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հարցով, միաժամանակ պահպանելով Իսրայէլի եւ Սուրիոյ շահերը:

Թերթը յայտնած է, թէ Փութին-Թրամբ հանդիպման ժամանակ Փութին շեշտած է 1974 թուականին կնքուած համաձայնագիրի դրոյթները յարգելու անհրաժեշտութիւնը, եւ նկատի ունենալով, որ Նաթանիահու եւ Թրամբ նոյնպէս այդ կարծիքի են, հետեւաբար արդէն ժամանակն է Սուրիոյ մէջ Իրանի ազդեցիկ դերը սահմանափակելու:

Այս առթիւ Նաթանիահու ողջունած է Փութինի քայլը, միաժամանակ յայտնելով, որ ինք բարձր կը գնահատէ Իսրայէլի անվտանգութեան ուղղութեամբ Թրամբի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները:

Թերթին կարծիքով, թէեւ Սուրիոյ տարածքէն իրանեան ուժերու հեռացոմը դժուար իրագործելի ցանկութիւն է, սակայն վերլուծաբաններու պնդմամբ, այն կրնայ իրականանալ, եթէ Կոլանի մէջ խաղաղութիւն հաստատուի: