image

Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Սուրիոյ երկու երկիրներու նախարարներու գաղտնի հանդիպումէն ետք . Al Monitor

Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Սուրիոյ երկու երկիրներու նախարարներու գաղտնի հանդիպումէն ետք . Al Monitor

Ամերիկեան «Monitor» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Թրամբ-Փութին հանդիպման, նշելով, որ վերջիններս կեդրոնանալով զոյգ երկիրներու փոխադարձ յարաբերութիւններուն, այնքան մեծ նշանակութիւն չեն տուած Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերու գոյութեան հարցին:

Կայքին փոխանցմամբ, առաւել կարեւոր հանդիպում կայացած է երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Մայք Փոմփէոյի միջեւ, որուն մանրամասներուն մասին ոչ ոք տեղեկացած է:

Կայքը ներկայացուցած է նախագահներու հանդիպման արդիւնքով մշակուած յառաջիկայ գործունէութեան նախագիծը, որ առաջին հերթին կ'ընդգրկէ Սուրիոյ մէջ զոյգ երկիրներու ռազմական համագործակցութիւնը:

Կայքը նշած է նաեւ, որ թէեւ ընդհանուր առմամբ Ռուսիա գոհ է հանդիպման արդիւնքներէն, սակայն Քրեմլինի պաշտօնեաներէն մէկուն յայտարարութեան համաձայն, իր երկիրը մեծ յոյսեր չունի ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման առումով, մանաւանդ, որ ամերիկեան կողմը աւելի քան երբեք թշնամաբար տրամադրուած է Ռուսիոյ դէմ: