image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակները պիտի կրճատուին. Պատասխանատու

Սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակները պիտի կրճատուին. Պատասխանատու

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն, ՀԲԸՄ, Գալուստ Կիւլպէնկեան եւ Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս բարեգործական հիմնադրամներու աջակցութեամբ սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակներու փոխհատուցման հերթական ծրագիրը պիտի սկսի, սակայն որոշ վերապահումներով. Այս տարի ծրագիրը պիտի կրճատուի մօտ 50 տոկոսով: Ի՞նչ կը նշանակէ սա:

Ինչպէս յայտնի է, ծրագիրը կը գործէ 2012-էն սկսած, տարեկան շուրջ 450 ուսանողներ հնարաւորութիւն  ունէին  օգտուիլ ուսման վարձավճարներու փոխհատուցման ծրագրէն։ Այս տարի արդէն որոշակի չափորոշիչներ սահմանուած են, համաձայն որուն միայն բարձր առաջադիմութիւն ունեցող ուսանողները պիտի կարենան ուսման վարձավճարներու փոխհատուցման իրաւունք ստանալ:

Այս մասին «Արեւելք»-ը փորձեց տեղեկութիւններ ստանալ ինչպէս ՀԲԸՄ-էն, այնպէս ալ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնէն: ՀԲԸՄ-էն մեզի պատասխանեցին, որ ծրագրի նպատակն էր օգնել նորեկ սուրիահայերուն յաղթահարել սկզբնական դժուարութիւնները, օգնել ընդելուզուիլ հայկական միջավայրի մէջ, իսկ այսօր արդէն այդ հարցը գրեթէ լուծուած է, այսինքն՝ սուրիահայ ուսանողները մեծ մասամբ հայկական դպրոցներու շրջանաւարտներ են:

Ինչ կը վերաբերի ընկերային (սոցիալական) աջակցութեանն ու վարձավճարի փոխհատուցման անհրաժեշտութեան, ապա նման խնդիր ունին բոլոր ուսանողները, այդ շարքին տեղացիներէն շատերը:

Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի կրթական յանձնախմբի անդամ  Թամար Գարակիւլեան-Ինճէեանը «Արեւելք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ յստակեցուց, որ յառաջիկայ ուսումնական տարին 0 քուրսեցիները ընդգրկուած չեն ծրագրին մէջ, իսկ սուրիահայ ուսանողներու 50 տոկոսը պիտի կարենայ օգտուիլ, առաւելութիւն պիտի ունենան անոնք, որոնք նախորդ ուսումնական տարիներուն առաւելագոյն 100 միաւորէն աւելի քան 62,5 միաւոր ունին: Իսկ այն ուսանողները, որոնց նախորդ տարուան ՄՈԳ-ը կը գերազանցէ առաւելագոյն գնահատականի 87,5 առ հարիւրը, կրնան ակնկալել ընթացիկ ուսումնական տարուան համար յայտարարուած փոխհատուցման շեմէն 10 առ հարիւր յաւելեալ փոխհատուցում մը:

«Յատկացնող կողմը անցեալ տարուընէ  ըսած է, որ այսպէս պիտի ըլլայ, ուսանողները նախապէս տեղեակ էին, սկիզբէն որոշուած էր, որ 2022-23 թուականներուն վերջին կրթաթոշակները պիտի տրամադրուի»,-ըսաւ Թամար Գարակիւլեանը:

Այսինքն՝ ծրագրի կրճատումն ուսանողներուն համար նորութիւն չէ եղած, անոնք հնարաւորութիւն ունեցած են բարձր առաջադիմութիւն ապահովելու ու օգտուելու ծրագրէն, որն իրենց համար մեծ օժանդակութիւն էր, կ'ըսէ տիկին Թամարը՝ աւելցնելով.

«Մեծ թիւով ուսանողներու խնդիր լուծուած է: Պատերազմական երկրէն եկած ուսանողներուն համար կարեւոր էր այս օգնութիւնը, անհրաժեշտ էր իրենց համար: Հիմա մանաւանդ, որ կը լսեն, որ 62-էն աւելի միաւոր պէտք է ունենան, կը նեղանան, բայց մենք զգուշացուցած էինք իրենց նախօրօք, որ այսպէս պիտի ըլլայ»:

6 տարի շարունակ այս օգնութիւնը տրուած է ուսանողներուն՝ յառաջադիմութիւնը առանց հաշուի առնելու, իսկ այսուհետ սուրիահայ երիտասարդները պէտք է հետեւողական ըլլան առաջադիմութեան հարցին:

Այս տարի ծրագրին մէջ ընդգրկուելու համար՝ ուսանողներուն դիմում ներկայացնելու համար ժամանակ  տրուած մինչեւ  19 Հոկտեմբերի  2018-ը:

Իսկ 2019-20  թուականներու ուսումնական տարուան համար առաջին քուրսեցիներու դիմումներ այլեւս պիտի չընդունուին: