image
Հրատապ լուրեր:

Բացումը կատարուեցաւ ՀՄՄ-ի 9-րդ համագումարին

Բացումը կատարուեցաւ ՀՄՄ-ի  9-րդ  համագումարին

Ներկայութեամբ 60 պատգամաւորներու, այսօր Երեւանի «Անի Բլազա» համալիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ Մարմնամարզական Միութեան՝ ՀՄՄ-ի 9-րդ  համագումարին։  Այս  մասին   տեղեկութիւնը փոխանցեց «Արեւելք»ի թղթակիցը։

 

Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ համագումարը նախքան իր հերթական աշխատանքներուն  անցնիլը, ունեցաւ մամուլին առջեւ բաց  հանդիպում մը, որուն   ընթացքին խօսքերով հանդէս եկան ՀՄՄ-ի  Կեդրոնական  Վարչութեան  Ատենապետ Միսակ Նաճարեան, Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր  Վազգէն Մեսրոպեան եւ ՍԴՀԿ  Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Նարեկ Գալստեան։

 

ՀՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Միսաք Նաճարեան (որուն խօսքին մանրամասնութիւնները պիտի տանք աւելի ուշ) յայտնեց, որ իրենց համար այս օրը բախտորոշ օր է, որովհետեւ երկար տարիներու սպասումէ ետք ՀՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր 9-րդ համագումարը կը կայացնէ հայրենի հողին վրայ։

 

Իր կարգին ՀՄՄ-ի Ատենադպիր Վազգէն Մեսրոպեան արագ ակնարկով մը ներկայացուց ՀՄՄ-ի  դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ վերջին տարիներուն միութիւնէն ներս տեղի ունեցած  խմորումները։

 

Մեսրոպեան նաեւ  կարդաց  այս առթիւ ՀՄՄ-ի 9-րդ  համագումարին ուղղուած ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի յղած  ուղերձը, որ կարեւորութեամբ  կը շեշտէր, սփիւռքի   տարածքին ՀՄՄ-ի  ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը  եւ  հայապահմանութեան  առընթեր  տարած գործունէութիւնը։

 

Իր կարգին Նարեկ  Գալստեան ընթերցեց ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը կարեւորելով այն փաստը, որ երկար տարիներու սպասումէ ետք ՀՄՄ նոր եռանդով եւ նոր  յոյսով տոգորուած Հայաստանի մէջ կ՚իրականացնէ  իր 9-րդ համագումարը։ 

 

Գալստեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր մենք  բոլորս պատիւ ունենք, որ ՀՄՄ-ի 9-րդ համագումարը իրականացվում է մայր հայրենիքում եւ մայր  հողի վրայ։ Մենք աւելի քան վստահ ենք,  որ  ՀՄՄ-ը  շարունակելու է իր առաքելութիւնը դառնալով հազարաւոր երիտասարդներու դպրոց եւ դարբնոց»։

 

Նշենք, որ խօսքերու աւարտէն ետք համագումարին մասնակից պատգամաւորները անցան դռնփակ ժողովին, որու աւարտին անոնք պիտի ընտրեն ՀՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  նոր կազմը։