image

Ռուսաստան վճռեց S-300 համակարգերը Սուրիա ուղարկել. Պատճառը ռուս զինուորներու անվտանգութիւնն է

Ռուսաստան վճռեց S-300 համակարգերը Սուրիա ուղարկել. Պատճառը ռուս զինուորներու անվտանգութիւնն է

«ԱԼ-Մայատին» կայանը վերլուծական նիւթ մը հրապարակելով, նշած է այն պատճառները, որոնք հիմք հանդիսացան, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վճռէ դէպի Սուրիա S-300 համակարգերը ուղարկելու խնդիրը:

Կայանը նկտել կու տայ, որ Ռուսիոյ բանակի, պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան սպաները խորհուրդ տուած են Ռուսաստանի նախագահին, որպէսզի այս քայլին երթայ, ապահովելու համար Սուրիա գտնուող ռուս սպայական կազմին, ինչպէս նաեւ զինուրական քատրերու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ այդ սպաներուն մէջ կան մեծ թիւով զինուորական գործիչներ, որոնց համար Իսրայէլը կը համարուի «թշնամական մօտեցումներ ունեցող» երկիր, անոն այդ մասին նաեւ զեկուցած են նախագահ Փութինին, նկատել տալով, որ երկար ժամանակէ ի վեր Իսրայէլի պետութիւնը կը խախտէ միջազգային համաձայնութիւնները եւ օդանաւային յարձակումներ կը գործէ Սուրիոյ դէմ:

Այլ գետնի վրայ կայանը նաեւ վերլուծած է, թէ Ռուսաստան երկար ժամանակէ ի վեր նման հարուած մը չէր ստացած, յատկապէս Չէչնիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմէն ի վեր, յիշեցնելով, որ Լաթաքիոյ վերեւ ջախջախուած ռուսական Իլ-20 օդանաւին մէջ կային ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ հետախուզական կարեւոր գործիչներ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ներքին օղակներուն մէջ կատարուած վերլուծութիւններուն, կայանը նկատել կու տայ, որ Ռուսաստան 6 օր սպասեց, որ Իսրայէլ ներողամտութիւն յայցէ դէպքին վերաբերեալ եւ ընդունի թէ անուղղակի պատճառով է, որ տեղի ունեցած է այդ ծանր դէպքը, սակայն իսրայէլեան մարմիններ եւ յատկապէս Իսրայէլի վարչապետ Փենիամին Նաթանիահու երկար ժամանակ առնելէ ետք, մերժած է այդ ներողամտութիւնը յայցել, բան մը, որ պատճառ դարձած է, որ Փութին վճռէ Սուրիա S-300 համակարգերը ուղարկելու որոշումը:

Նշենք, որ արաբական մէկէ աւելի կայաններ խօսելով այս թեմային շուրջ նկատել տուած են, որ Ռուսաստանի այս քայլով շրջանին մէջ պիտի ստեղծուի նոր իրավիճակ մը, որուն հիմքով Սուրիա առաջուայ նման թիրախ պիտի չըլլայ Իսրայէլի կողմէ յարձակման ծանր վտանգներու: