image
Հրատապ լուրեր:

Այս փուլին նպատակայարմար չէ, որ Փաշինեան եւ Թրամբ հանդիպին. Ամերիկահայ գործիչ

Այս փուլին նպատակայարմար չէ, որ Փաշինեան եւ  Թրամբ  հանդիպին. Ամերիկահայ գործիչ

Ամերիկահայ  գործիչ  Գրիգոր Խոտանեանի    կարծիքով      ՀՀ  վարչապետ  Փաշինեանի  եւ ԱՄՆ նախագահ   Տանըլտ  Թրամբի  միջեւ      կայանալիք  որեւէ   հանդիպում արդիւնաւէտ պիտի չըլլայ։

Խոտանեան, որ այս մասին խօսեցաւ  «Արեւելք»ին նշեց, որ  այս հանգրուանը  Թրամբի համար  բաւականին  խառն   հանգրուան մը է եւ ան զբաղած է   ներքին  օրակարգերով, հետեւաբար   եթէ  նոյնիսկ Փաշինեան եւ Թրամբ   հանդիպին  ապա   այդ  հանդիպումէն   մեծ  ակնկալիքներ  չպէտք է ունենալ։

 Ան մասնաւորապէս ըսաւ  «Նիւ Եորքի  մէջ    Ամերիկահայ     գործիչներու  հետ հանդիպման   ընթացքին վարչապետ  Փաշինեան  պատասխանեց  Թրամբի հետ  հաւանական  հանդիպման մասին   հարցումին  եւ ըսաւ, որ նման հանդիպում նախատեսուած չէ առայժմ: Յամենայնդէպս  իմ կարծիքով  նմանօրինակ  հանդիպում մը մեծ արդիւնքներ չի կրնար տալ, քանի որ Թրամբ  մխրճուած է բազմաթիւ սքանտալներու մէջ  եւ իր մտահոգութեան գլխաւոր օրակարգը  իր իշխանութիւնը  պահելն է,  ու նաեւ  իր կուսակցութեան իշխանութիւնը պահելու հարցըը։ Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան Քոնկրէսի ընտրութիւններ եւ հաւանականութիւնը մեծ է, որ դեմոկրատները վերատիրանան առնուազն քոնկրեսիի պալատներէն մէկուն եւ որուն շատ հաւանաբար յաջորդէ Թրամբը  «իմբիճմընթ»ի    ( Իմա՝ գահընկեց  ընելու  Խմբ. «Արեւելք»)  ենթարկելիւ հարցը,  եւ այս իրավիճակին   պատճառով բոլոր տաղտղուկին մէջ  արտաքին յարաբերութիւնները     հարցը, բացի Քորէայէն, Ռուսաստանէն եւ Չինաստանէն  ձգուած են պետական քարտուղար Փամփէիոյին  ձեռքը,  հետեւեաբար   եթէ մենք հայերս Փաշինեան- Թրամբ  հաւանական  հանդիպումէ մը   արդիւնքներ կ'ակնկալենք  ապա, այդ   հանդիպումը    չպէտք  է  ըլլայ  սովորական  կամ  փրոթոքոլային  բնոյթի»։

 

 Խոտանեան, որ  մեծապէս դրական  համարեց Փաշինեանի եւ հայ  համայնքի  ներկայացուցիչներուն  միջեւ   կայացած  հանդիպումը   ըսաւ՝ «Վարչապետի հանդիպումը ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ շատ դրական էր եւ բովանդակալից: Ան պատասխանեց ոչ միայն Հայաստանի վերաբերող հարցերուն, այլ նաեւ սփիւռքի շարք մը մտահոգութիւններուն, որոնց շարքին էր անշուշտ տնտեսական ներդրումներու հարցը, բնականաբար շեշտուեցաւ այս ուղղութեամբ Հայաստանի քաղաքական հեռանկարի յստակեցման հարցը: Վարչապետի կարծիքով այդ բոլորը պիտի ամրապնդուին խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջոցաւ»:

 

 Յիշեցնենք, որ  Լոս Անճելոս     հաստատուած    Խոտանեան     ատենապետն է  ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի   Շրջանի   Վարիչ մարմնին։