image
Հրատապ լուրեր:

Կառավարութեան կազմութեան հարցով Վարչապետ Հարիրի վճռական է

Կառավարութեան կազմութեան հարցով Վարչապետ Հարիրի վճռական է

Ըստ  «Ալ-Ախապար» օրաթերթին, Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի վճռական է նոր կառավարութեան կազմութեան խնդրով: Այս մասին պարբերականը վերլուծական յօդուած մը հրապարակած է, նշելով, որ Հարիրի վճռած է նոր կառավարութիւնը կազմել, նոյնիսկ եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը չընդունի իրեն ներկայացուած առաջարկը, որուն հիմամբ, ան պիտի ստանայ չորս նախարարութիւններ:

Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ նաեւ յայտնած են, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը գոհ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ, ըստ իրեն, անոր բաժին ինկած նախարարներու թիւը չորս է եւ այդ թիւը գոհացուցիչ թիւ մըն է:

Յիշեցնենք, որ վերջին ժամերուն մէկէ աւելի առումներով մանրամասն բանակցութիւններ տեղի կ'ունենան, մէկ կողմէ՝ նախագահ Աունի եւ ժըպրան Պասիլի միջեւ, միւս կողմէ՝ վարչապետ Հարիրիի ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժերու ներկայացուցիչներու եւ տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչներու միջեւ:

«Ալ-Ախպար» նաեւ կը նշէ, որ Լիբանանի նոր կառվարութեան կազմութեան համար գլխաւոր արգելք հանդիսացող տիւրզիներու հարցը լուծուած է եւ նախագահ Աուն այդ խնդրի հանգուցալուծումը անձամբ վստահած է Լիբանանի յառաջդիմական դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար, տիւրզի առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթին:

Յիշեցնենք, որ ըստ լիբանանեան տարբեր աղբիւրներու, նոր կառավարութեան կազմութիւնը ընդամէնը ժամերու հարց է եւ շատ հաւանական է, որ այս շաբաթավերջին Լիբանան ունենայ իր նոր կառավարութիւնը: