image

Աւստրալիա. Հազարաւոր երեխաներ ենթարկուած են բռնաբարման

Աւստրալիա. Հազարաւոր երեխաներ ենթարկուած են բռնաբարման

Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսն երէկ ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ:

Սքոթ Մորիսըն յայտարարեց, որ վերջին տարիներուն երկիրին մէջ հարիւրաւոր երեխաներ ենթարկուած են սեռային բռնութեան: Ան նաեւ իր կառավարութեան անունով ներողութիւն խնդրեց ժողովուրդէն եւ ըսաւ. «Մենք ձախողեցանք պաշտպանելու մեր երեխաները, հարիւրաւոր երեխաներ զոհ գացած են բռնադատման, ինչպէս նաեւ սեռային ոտնձգութիւններու:

Վարչապետը նաեւ դիտել տուաւ, որ սեռային բռնադատման հարիւրաւոր դէպքեր գրանցուած են դպրոցներու, եկեղեցիներու, մարզական սրահներու եւ այլ տիպի հաւաքավայրերու մէջ:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն՝ գործակցիլ պետական մարմիններուն հետ, լուծելու համար այս անլոյծ մնացած վտանգաւոր խնդիրը:

Նոյն առումով, աւստրալիական քաղաքացիական կազմակերպութիւններ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցին Աւստրալիոյ եկեղեցիին հասցէին, նշելով, որ Աւստրալիոյ կաթողիկէ եկեղեցին ամէն առիթի կը փորձէ թաքցնել երեխաներու բռնադատման խնդիրը եւ տարբեր միջոցներով ճնշումներ բանեցնել հասարակական կազմակերպութիւններու դէմ, որպէսզի այդ հարցը մնայ փակուած: