image

Հինգ ամսուան սպասումէ ետք Լիբանանի նոր կառավարութիւնը այսօ՞ր

Հինգ ամսուան սպասումէ ետք Լիբանանի նոր կառավարութիւնը այսօ՞ր

Երկրին մէջ տագնապի վերածուած կառավարութեան կազմութեան խնդիրը հինգ ամսուան որոնումներէ ետք, ըստ երեւոյթին, թեւակոխած է լուծման  հանգրուանը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցեն լիբանանեան աղբիւրներ:

Իր կարգին «Ալ-Ժումհուրիա» պարբերականը կը գրէ, որ ըստ իր տիրապետած վերջին տեղեկութիւններուն, այս շաբաթավերջին կամ շատ հաւանաբար վաղը՝ կիրաի օր, Լիբանան պիտի կազմէ իր կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ նոյն դրական մօտեցումները արտայայտած են Լիբանանի նախագահական պալատին մօտիկ կանգնած կարգ մը աղբիւրներ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք եւ սահմանադրական կարգին համաձայն, Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանի երեսփոխան անդամները առաջարկած էին Սաատ Հարիրին որպէս երկրի վարչապետ, իսկ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան հարցով բախած էր տասնեակ արգելքներու, որոնք, ըստ երեւոյթին, վերջին շրջանին կարելի եղած է հարթել: