image

Զոհրապ Սթանպուլեան եւ Կրեկուար Փոսթաճեան նշանակուած են Պատուոյ Հիւպատոս

Զոհրապ Սթանպուլեան եւ Կրեկուար Փոսթաճեան նշանակուած են Պատուոյ Հիւպատոս

Արտասահմանի մէջ Լիբանանը ներկայացնող պատուոյ հիւպատոսներու նշանակման ծիրին մէջ, Երեսփոխանական գրասենեակի կատարած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, Պանքոքի մօտ (Թայլանտ) պատուոյ հիւպատոս նշանակուած է ծանօթ ազգային Զոհրապ Սթամպուլեան, որ արդէն իսկ յատուկ գրասենեակի մը հաստատումով սկսած է իր ծառայութեան:

Նոյն ծիրին մէջ, Թորոնթոյի մէջ (Գանատա) Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս նշանակուած է Կրեկուար Փոսթաճեան, որ երկար տարիներ հասարակական գործունէութիւն ունեցած է Թորոնթոյի մէջ:

Այս նշանակումներով, պատուոյ հիւպատոսները թէ՛ պիտի ծառայեն Լիբանանի եւ տուեալ երկիրներու փոխյարաբերութեանց ամրապնդման եւ թէ՛ հայկական գաղութներու ու յատկապէս լիբանանահայերու կարիքներուն:

 

Լուրը ՝Ազդակէն