image

«Հայութիւնը մեծ դեր պիտի ունենայ Հալէպի վերականգնման գործին մէջ». Շահէ Մինասեան

«Հայութիւնը մեծ դեր պիտի ունենայ Հալէպի վերականգնման գործին մէջ». Շահէ Մինասեան

«Որպէս Հալէպի նահանգային  խորհուրդի  անդամ,  ամէն  ջանք պիտի  ընեմ՝ օգտակար դառնալու համար մեր գաղութին»։

 

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Հալէպի նահանգային խորհուրդի  հայ անդամ   Շահէ Մինասեանը

 

-Պարոն Մինասեան, հալէպցինե՞րը ինչպէս անցուցին   տօնական օրերը:


Կրնամ ըսել, որ վերջին տարիներուն համեմատած, 2018-2019-ի տօնական օրերը խաղաղ եւ հանգիստ, ամենալաւ տօնական օրերն էին, նկատի ունենալով երկրի ապահովական վիճակը, Հալէպի մէջ պատերազմի մասամբ մը վերջ գտնելը, ինչպէս նաեւ Հալէպի ազատագրութեան 2-րդ տարեդարձի նշումը:  Սուրիոյ կառավարութիւնը իր հերթին Սուրբ ծնունդի եւ Ամանորի տօներուն նախօրէին, մանաւանդ քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ հրապարակներու բարեկարգման եւ զարդարանքին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէր, որպէսզի տօնական օրերը անցած տարիներուն համեմատած՝ ըլլան աւելի ճոխ եւ զուարթ, կառավարութեան հետաքրքրութիւնը այս հարցին շուրջ զգալի եւ նկատելի էր:

Այս բոլորին  կողքին   դրական էր նաեւ  սուրիական    բանակին Մանպիճ մուտք գործելը եւ Հալէպ քաղաքի նկատմամբ  դրական  վերաբերմունքը։

Անշուշտ մեր փափաքն է, որ Հալէպը ամբողջապէս վերագտնէ իր անցեալի օրերը եւ հայ համայնքի անդամները վերադառնան Հալէպ եւ դարձեալ այս տօնական օրերը անցեալի նման ալ աւելի ճոխ եւ ալ աւելի ուրախ անցնին:

 

-Գիտենք, որ վերջին շրջանին տնտեսական դժուարութիւններ կան, օրինակ՝ կազի, ելեկտրականութեան  տագնապ, ի՞նչ է ընդհանուր իրավիճակը: 


Ինչ կը վերաբերի քաղաքին մէջ առկայ տագնապներուն, ապա  այսօրուան  դրութեամբ  կայ  ելեկտրականութեան  ու  կազի  տագնապ,  բայց համոզուած ենք, որ այս հարցերը ժամանակաւոր են, եւ կառավարութիւնը կը ջանայ արագօրէն լուծել անոնք: Ասիկա կառավարութեան կամքէն անկախ վիճակ մըն է,  որովհետեւ ինչպէս գիտէք, պատերազմի հետեւանքով   Հալէպը   յայտնուեցաւ պաշարման տակ  եւ այդ  պատճառով ալ վերը  նշածս   տագնապները յառաջացան։ Տեղեկութիւններ  ունիմ,  որ կազի հարցը մօտ օրէն պիտի լուծուի, իսկ ելեկտրականութեան հարցը, քանդուած ելեկտրակայաններու վերակառուցմամբ աստիճանաբար  պիտի  լուծուի  եւ  այդ առումով  կարեւոր աշխատանքներ   արդէն  կը կատարուին:

Ինչ կը վերաբերի տնտեսական վիճակին, ճիշդ է, որ այսօր Հալէպի մէջ  կայ տնտեսական  տագնապ, բայց  վիճակը անցեալին համեմատ որոշ չափով աւելի լաւ է եւ   կը կարծեմ,  որ 2019-ին  աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Այս կ՚ըսեմ անշուշտ նկատի  առնելով  կառավարութեան տուեալները  եւ նախատեսուած տնտեսական  դրական  աճը։

 

- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք քաղաքի ապահովական վիճակը։  Մանաւանդ, որ շրջանին մէջ  կարեւոր  զարգացումներ  տեղի կ՚ունենան. խօսքը հիւսիսային Սուրիոյ շրջանին մէջ   սպասուող  զարգացումներուն մասին  է,  եւ արդեօք  այդ  առումով    որոշ  մտահոգութիւններ կա՞ն։


Ապահովական գետնի վրայ, մտահոգութիւններ չկան, մանաւանդ Հալէպ նահանգէն ներս, ուր ապահովութիւնը    կը  գտնուի    Սուրիոյ բանակի  տիրապետութեան տակ։ Ինչ կը վերաբերի  Հալէպի  շուրջ եղող գիւղերուն, որոնք տակաւին ահաբեկիչներուն տիրապետութեան տակ  են, մենք կը կարծենք, որ սուրիական զօրքը իր իրականացուցած գործողութիւններով օրէ օր առաջ պիտի երթայ եւ Հալէպի շրջակայքը  վերջնականապէս պիտի  մաքրուի ահաբեկիչներէն եւ նախագահ Պաշշար Ասատին հրահանգով զօրքը արդէն դէպի առաջ կ'երթայ եւ խօսքին վերջին  ապացոյցը  դէպի   Մանպէճ  մեր բանակին    արձանագրած   տեղաշարժն էր։  

Մենք կը հաւատանք, որ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն Մանպէճի նման Հալէպի շուրջ եղող մնացեալ գիւղերը եւս սուրիական զօրքի հսկողութեան տակ պիտի անցնին:

 

- Ե՞րբ կը կարծէք, որ Հալէպի օդակայանը  պիտի  վերաբացուի:


Ինչ կը վերաբերի օդակայանի հարցին, օդակայանը թէքնիքապէս պատրաստ է իր աշխատանքը վերսկսելու համար եւ միայն որոշ ապահովական հարցերու պատճառով է, որ անոր պաշտօնական վերաբացումը կը յետաձգուի:

Ապահովական խնդիրն այն է, որ օդակայանի շրջակայ շրջանին մէջ ահաբեկչական խումբեր կան, որոնք կրնան հարուածել օդանաւերը եւ մինչեւ այդ շրջանները ամբողջապէս չազատագրուին ահաբեկիչներէն, թռիչք կատարող օդանաւերու ապահովութիւնը վտանգուած  կրնայ  ըլլալ:

Իսկ թեքնիք առումով, ինչպէս ըսի, օդակայանը պատրաստ է եւ  կրնամ ըսել, որ անցեալէն ալ շատ աւելի շքեղ  եւ   արդիական   միջոցներով  համալրուած է: 

Ես կը կարծեմ, որ Հալէպ նահանգին մէջ,  2019-ին զգալիօրէն փոփոխութիւններ պիտի կատարուին,մանաւանդ նահանգի գիւղերուն մէջ, ուր սուրիական զօրքը արդէն որոշ աշխատանքներ կը տանի եւ ընդհանուր Սուրիոյ համար։ Մէկ  խօսքով  2019-ը Սուրիոյ պատերազմի աւարտի տարին պիտի ըլլայ։

Անշուշտ այս  զարգացումներուն մէջ կը,   հայ համայնքն ալ   կարեւոր աշխատանք  պիտի տանի, որպէսզի  ամբողջ   աշխարհին   ցոյց տանք,  որ Հալէպի մէջ հայութիւնը տակաւին ներկայ է եւ վերականգնումի այս շրջանին  մենք ալ մեր   տեղն  ու  դերը պիտի ունենանք: