image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլեան կործանիչներ հարուածած են Դամասկոսի օդակայանի շրջակայքը

Իսրայէլեան կործանիչներ հարուածած են Դամասկոսի օդակայանի շրջակայքը

Իսրայէլեան կործանիչներ երէկ ուշ գիշերին հերթական անգամ հրթիռարձակումներ կատարած են Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի ուղղութեամբ: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ շուրջ 10 հրթիռներ ինկած են Դամասկոսի միջազգային օդակայանի շրջակայքը եւ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանական խարիսխները հակադարձած են հրթիռներուն:

Ըստ նախնական տուեալներու, իսրայէլեան կործանիչներու թիրախը եղած է լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան պատկանող զինապահեստանոց մը: Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր այս քանիերորդ անգամն է, որ Իսրայէլ նման յարձակումներ կը գործէ Դամասկոսի եւ յատկապէս Դամասկոսի մէջ գտնուող «Հըզպալլա»ի դիրքերուն կամ Սուրիոյ բանակի տարբեր զօրակայաններուն վրայ: