image

Երկրորդ անգամ ըլլալով յարձակում Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին վրայ

Երկրորդ անգամ ըլլալով յարձակում Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին վրայ

Վերջին ամիսներուն արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով յարձակում մը գործուած է Փարիզի Սամուէլ Մուրատեան հայկական վարժարանին վրայ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Մխիթարեան դպրեվանքի դիմատետրի էջը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ վանտալիզմ գործուած է դպրոցի դէմ եւ քարեր նետուած են դպրոցի գլխաւոր դռներէն մէկուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով ալ փշրուած են դրան ապակիները (տեսնել լուսանկարը):

Յիշեցնենք, որ սա երկրորդ դէպքն է, որ տեըի կ'ունենայ այդ դպրոցին դէմ:

Այս յարձակումներուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ տուած էր Սեւրի վարժարանի պատասխանատու, Մխիթարեան միաբան Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը, նշելով, որ մութ ուժեր կը փորձեն իրենց օրակարգը պարտադրել եւ այս տիպի յարձակումներով ոորշ պատգամներ յղել Մխիթարեան միաբանութեան: