image

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ քննադատեց Թուրքիան եւ քիւրտերը

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ քննադատեց Թուրքիան եւ քիւրտերը

Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ Պաշշաար Ասատ, որ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի տարբեր շրջաններէն Դամասկոս հասած ՏԻՄ (Տեղական կառավարման մարմիններ) ներկայացուցիչներու հետ, յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը տակաւին չէ հասած իր աւարտին:

Ասատ նաեւ նշեց, որ իրենք կը պատերազմին ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ մէկէ աւելի ճակատներու վրայ:

Ասատ իր խօսքը ուղղելով քիւրտերուն, առանց անոնց անունը տալու նշեց, որ անոնք յայտնուած են բաւական բարդ վիճակի մը առջեւ եւ ինք վստահ է, որ ամերիկացիները ոչ մէկ կերպ պիտի օգնեն քիւրտերուն:

Ան նաեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ քիւրտերը կրնան պաշտպանութիւն ստանալ միայն երկրի բանակէն:

Ասատ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հասցէին, նշելով, որ Էրտողան կը փորձէ խուսանաւել եւ ան պարզապէս  ամերիկացիներու մօտ աշխատող փոքր վարձկան մըն է:

Ասատ իր խօսքին մէջ նաեւ յիշեցուց, որ մէկէ աւելի կողմեր փափաք ունէին Սուրիան բաժանումի տանիլ եւ այդ բաժանման ծրագիրը սկիզբ կ'առնէր Սուրիոյ մէջ:

Նշենք, որ Ասատի այս յայտարարութիւնները կը հնչեն Սոչիի մէջ տեղի ունեցած ժողովէն անմիջապէս ետք: