image

«Հայաստանի մէջ տան վարձքի համար տրուած գումարները ջուրին կ՚երթան... այս է մեր մեծ խնդիրը». Հալէպահայ Սոնա Մինասեան

«Հայաստանի մէջ տան վարձքի համար տրուած գումարները ջուրին կ՚երթան... այս է մեր մեծ խնդիրը». Հալէպահայ Սոնա Մինասեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Հայաստան հաստատուած հալէպահայ ՝ Սոնա Մինասեանը:


«Կիրակի օր մը եկեղեցի գացի, ամառ էր, տեսնեմ բոլոր կիները սեւ հագած են, գունաւոր հագուողները մատներու վրայ կը հաշուէին, ալ հաշիւ ըրէք ինչքան մարդ մեռած է, որ անոնք բոլորը սեւազգեստ են, մէկուն երեխան մեռած է, մէկուն ամուսինը, միւսին հայրը կամ մայրը: Այդ մէկը շատ ազդեց վրաս, յաջորդ Կիրակի ես ալ գոց գոյն հագուեցայ, որովհետեւ երբ իրենք այդքան ցաւի մէջ են ես ինչպէ՞ս գունաւոր հագուէի»:


-Ի՞նչ պայմաններու տակ ստիպուած եղաք հեռանալ Հալէպէն:

Հալէպի պատերազմը սկսելէն մէկ տարի անց, երբ արդէն հրթիռակոծումները շատցած էին եւ իրավիճակը սկսած էր մտահոգիչ դառնալ, մենք որոշեցինք հեռանալ Հալէպէն: Այդ ժամանակ մարդիկ կ'ըսէին շուտով պիտի մաքրագործուի, բայց ես այդպէս չէի մտածեր, ես կ'ըսէի, որ ասի մեծ պատերազմի մը  սկիզբ է, մէջէս ձայն մը այդպէս կ'ըսէր եւ երկրորդ՝ իմ գործէս գիտէի, որպէս աստղագուշակ, որ պատերազմը 7 տարի պիտի տեւէր: Ինծի սակայն աւելի շատ կը մտահոգէր երկու տղոցս հարցը, անոնք զինուորութիւն ըրած էին, բայց պահեստային զինուորութեան հարց կար,  անոր համար  ալ որոշեցի  զիրենք Հալէպէն դուրս բերել: 9 Հոկտեմբեր 2012-ին մենք ձգեցինք Հալէպը, նախ գացինք Լիբանան, տղոցմէս մէկը ուզեց հոն մնալ, իսկ ես ու միւս տղաս Հայաստան եկանք: Միշտ կ'ըսեմ,  լաւ որ ելեր ենք, որովհետեւ ահագին երիտասարդներ կորսնցուցինք բանակին մէջ, ինչքան նահատակ տուինք այս պատերազմին, մեր երիտասարդները շատ մեղք են: Չեմ գիտեր ճիշդ ըրինք, թէ՝ սխալ, բայց ստիպուած պիտի յարմարուէինք մեր նոր պայմաններուն:

 

-Վերջին 6 տարիներուն դուք Երեւան կ'ապրիք, ինչո՞վ կը զբաղուիք:

Երեւան եղած շրջանիս ստիպուած եղայ իմ մասնագիտութենէս բացի շատ տարբեր գործերով զբաղուիլ, որպէսզի կարողանամ  ապրուստս  հոգալ։ Հալէպի մէջ ես աստղագուշակութիւն կ'ընէի, շատ յաճախորդներ ունէի, բայց Երեւանի մէջ այդ գործը չկրցայ աշխոյժ ձեւով շարունակել, որովհետեւ յաճախորդներ չունեցայ, իսկ հին յաճախորդներս մինչեւ հիմա  հետս սքայփով կը կապուին: Տղաս նոյնպէս իր արհեստով չկրցաւ զբաղուիլ, որովհետեւ վկայական կը պահանջէին, մինչ այդ Հալէպի մէջ այդպէս չէր, մէկը վկայական չէր հարցներ վարպետ արհեստաւորին, կարեւորը գործին որակն էր: Հետեւաբար, Երեւանի մէջ ես ու տղաս ստիպուած եղանք մեր մասնագիտութենէն տարբեր գործերով զբաղուիլ։ Շուրջ վեց ամիս գործ փնտռելէ ետք, օր մը ճաշարանի մէջ առաջարկ ստացանք, խոհանոցի մէջ աշխատելու ... Հոն  կարողացանք միայն մէկ  տարի  աշխատիլ, որովհետեւ պայմանները շատ  ծանր  էին, իսկ վճարումը    շատ  քիչ։Այնուհետեւ փորձեցինք մեր սեփական   սնունդի  փոքր կէտ- կրպակը բանալ, փոքր տարածք մը վարձեցինք Կոմիտասի վրայ եւ սկսանք  համադամ սանտուիչներ պատրաստել   ու վաճառել։ Այս գործն ալ մէկ տարի ընելէ ետք, փակեցինք, որովհետեւ վճարումները շատ էին, վարձքը շատ էր, որ չարդարացուց մեր հոգնութիւնը եւ մենք երկրորդ անգամ ըլլալով ձախողեցանք մեր գործին մէջ: Տղաս անկէ վերջ թաքսիի գործ սկսաւ, մինչ այդ, ես արդէն որպէս յարակից գործ, սկսած էի աշխատիլ որպէս անշարժ գոյքի գործակալ՝ պրոքըր, անոր կողքին սկսայ տան մէջ դերձակութիւն ընել, նաեւ յատուկ դասընթացքներու հետեւեցայ՝    մերձումներով հիւանդներ բուժելու  դասընթացքի եւ  այժմ այդ գործով ալ կը զբաղիմ:

 

-Վեց տարիէ ի վեր Հայաստան կը մնաք, արդեօք ընտելացա՞ք, վարժուեցա՞ք Հայաստանի պայմաններուն, այստեղի կեանքին, ի՞նչ կրնաք ըսել մեզի այդ մասին:

Ուզենք չուզենք պիտի ընտելանանք Երեւանի պայմաններուն, մեր բոլոր բարեկամները չդիմացան, գացին, ես ու տղաս մնացինք: Բաւական  դժուար է Երեւանի մէջ գոյատեւելը,  որովհետեւ մեր շահը քիչ է, ծախսը շատ, մանաւանդ որ  մեր ապրած   տունը  վարձու է։

Այս 6 տարիներու ընթացքին մէկ անգամ Հալէպ   գացի,  տունը ծախեցի, որպէսզի կարենանք հոս մեր գործերը դասաւորել, բայց այդ գումարը չբաւարարեց հոսկէ տուն մը առնելու համար, տղուս  ինքնաշարժ  մը առինք, որ թաքսիի վրայ իր անձնական գործը ընէ, եթէ այդպէս չընէինք, հիմա պարտքերու տակ կը խեղդուէինք, որովհետեւ վարձու օդոյով աշխատելով անկարելի է, որ  շահածդ  գումարով կարողանաս    ապրիլ։

Մեր փափաքն է, որ  Հայաստանի կառավարութիւնը օգնէ  յատկապէս   այն սուրիահայերուն, որոնք վճռած են   հոս ապրիլ եւ տունի մը  կարիքն  ունին։   Մենք   օրինակ   6-7 տարիէ ի վեր  տան վարձք կը  վճարենք եւ  այդ գումարները  ՝ջուրին կերթան...  Այս է հիմնական գանգատս, թէ ոչ շատ կը սիրեմ Հայաստանը, կ'ուզեմ հոս մնալ, բայց պայմանները   բաւական  ծանր  են, կ'ապրինք այո, բայց ակռանիս սեղմած: Փափաքս է, որ հոս տուն մը ունենամ: Եթէ տուն ունենանք, ինչ ըլլայ կ'աշխատինք եւ կ'ապրինք, որովհետեւ մենք աշխատասէր ենք, քարէն հաց կը հանենք, մէկ գործը չեղաւ, միւսը կ'ընենք, կարեւորը կ'ապրինք:

Ճիշդ է պատերազմ չտեսանք, բայց բաւական դժուար օրեր անցուցինք Երեւանի մէջ, ծախսերով խեղդուած էինք շատ, չէինք գիտեր ինչպէս պիտի ապրինք, ուրկէ՞ պիտի ապահովենք այդ դրամները:

 

-Ի՞նչ յիշողութիւններ ունիք Հալէպէն, ի՞նչ զգացումներ ունեցաք ձեր այցէն վերջ:

Հալէպի կեանքը շատ լաւ էր, հանգիստ կեանք ունէինք, կ'աշխատէինք, խանութ, տուն ունէինք, տան վաձքի խնդիր չունէինք: Հալէպի հայութեան  վիճակը   իրապէս նախանձելի էր....  Մարդիկ ամերիկաներէն  կու գային, որպէսզի միայն Հալէպի մէջ հարսանիքի մը ներկայ գտնուէին, ուրախանային, Հալէպի մթնոլորտը, եռանդը, աշխատանքը, ճոխութիւնը ուրիշ տեղ չկար:

Երեւանի մէջ ապրած դժուար պահերուս ունեցայ Հալէպ վերադառնալու միտքեր, բայց երբ մէկ անգամ այցելութեան գացի եւ երկու ամիս մնացի, շատ վատ զգացի: Ամբողջը  փլատակ, փողոցները քանդուած, մութ, առանց լոյսի, առանց ջուրի, ամէն ինչ դժուար՝ լոգանքը, մաքրութիւնը, լուացքը, ցաւալի վիճակ էր: Ըսի չէ, շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան եմ, հայրենիքիս մէջ կ'ապրիմ, բայց շատ կը նեղուէի այդ մարդոց համար, մինչեւ հիմա սիրտս կը ցաւի:

Չեմ մոռնար, Կիրակի օր մը եկեղեցի գացի, ամառ էր, տեսնեմ բոլոր կիները սեւ հագած են, գունաւոր հագուողները մատներու վրայ կը հաշուէին, ալ հաշիւ ըրէք ինչքան մարդ մեռած է, որ անոնք բոլորը սեւազգեստ են, մէկուն երեխան մեռած է, մէկուն ամուսինը, միւսին հայրը կամ մայրը: Այդ մէկը շատ ազդեց վրաս, յաջորդ Կիրակի ես ալ գոց գոյն հագուեցայ, որովհետեւ երբ իրենք այդքան ցաւի մէջ են ես ինչպէ՞ս գունաւոր հագուէի: Յուսահատ վիճակի մը մէջ կ'ապրէին, նորէն ալ փառք կու տային, չէի կրնար նոյնիսկ խրատել այդ անձերուն, որ վաղը առաւօտ լաւ պիտի ըլլայ: Այնքան վատ օրեր էին, ես չապրեցայ, բայց մի քանի ամիս համտեսեցի:

 

-Հալէպի եւ առհասարակ Սուրիոյ հայութեան ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնէք:

Ինչ որ կը տեսնեմ, Հալէպի ապագան քանդուած է: Հայութեան թիւն ալ շատ քիչ է: Ես կը յիշեմ  երբ զաւակներս Բարեգործականի դպրոց կ'երթային , ամէն մէկ դասարան 3-4 բաժին ունէր, հիմա երբ Հալէպ գացի, այցելեցի դպրոց, շատ ցաւալի վիճակ էր, ամէն մէկ դասրանի մէջ 8-10 աշակերտ հազիւ կար, շատ յուզուեցայ, այդ բակը առաջ լեցուն աշակերտութիւն կար, հիմա՝ դատարկ դասարաններ, նստարաններ կան, բայց աշակերտները չկան: Երբ որ աշակերտութիւն չկայ, ո՞ւր է ապագայ, ի՞նչ Հալէպի ապագայ:

Հիմա վերջես լսեցի դարձեալ պահեստային զինուոր սկսած են հաւաքել, իմ կարծիքով այդ մէկը կը նշանակէ, որ պատերազի նոր էջ պիտի բացուի, ես այդպէս կը հասկնամ, հետեւաբար լաւատես չեմ սուրիահայութեան ապագային հանդէպ: