image

Լիբանան մեծ ճնշումներու տա՞կ

Լիբանան մեծ ճնշումներու տա՞կ

Միացեալ նահանգներու ղեկավարութիւնը որոշած է ամէն գնով ծանր ճնշումներու ենթարկել լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժումհուրիա» պարբերականը, նշելով նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն շատ հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ հրապարակէ «Հըզպալլա»ի դէմ:

Կը նշուի նաեւ, որ այդ պատժամիջոցներուն մէջ յատկապէս ներառուած պիտի ըլլան լիբանանեան կարգ մը դրամատուներ, որոնք ելեւմտական գործարքներ կը կատարեն «Հըզպալլա»ի հետ:

Թերթը նաեւ կը նշէ, որ այս կերպ Միացեալ Նահանգներ ամէն գնով կը փորձէ ճնշումի տակ պահել «Հըզպալլա»ն, ինչպէս նաեւ մեծ ջանքեր գործադրել, որ ան յայտնուի նիւթական դժուարութիւններու մէջ: